Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի Իսրայէլ կատարած այցի 40-ամեակին առթիւ Եգիպտոսի մօտ Իսրայէլի դեսպանութեան երբեմնի աշխատակից Մուշէ Կայ 1981 թուականին տեղի ունեցած Սատաթի սպանութեան մասին նոր մանրամասներ բացայայտած է:
«Huffpost» կայքին փոխանցմամբ, Մուշէ Կայ, որ այդ օրերուն Իսրայէլի դեսպանի անվտանգութիւնն ապահովող ուժերու ղեկավարն էր, յայտնած է, որ սպանութեան պահուն անակնկալ կերպով շքերթի պատուանդանէն վեր վեց օդանաւեր յայտնուած են:
Իսրայէլցի դիւանագէտը նշած է նաեւ, որ Սատաթի սպանութիւնը տեղի ունեցած է հոկտեմբերեան պատերազմի յաղթանակի օրը, երբ տօնական ռազմական շքերթի ժամանակ ներկայ էր նաեւ Իսրայէլի դեսպանը:
Ի տարբերութիւն միւս ներկաներուն, որոնք այդ պահուն իրենց հայեացքներն ուղղած են դէպի օդանաւերը, Մուշէ Կայ եւ անվտանգութեան աշխատալիցներէն մէկը նկատած են շքերթի պատուանդանէն 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնած բեռնատար մեքենայ մը, որմէ անզէն սպայ մը դուրս գալով վազած է դէպի պատուանդանն ու պայթուցիկ նիւթեր նետած անոր վրայ:
«Այդ վայրկեանին հասկցայ, որ տեղի ունեցածը շքերթին ու հանդիսաւոր հրավառութեան մաս չի կազմեր, այլ անվտանգութեան խախտում է, եւ անմիջապէս պառկեցայ դեսպանին վրայ, զինք պաշտպանելու նպատակով»,- յայտնած է Մուշէ Կայ, աւելցնելով, որ այնուհետեւ կրակոցներ սկսած են, եւ իրենք հասկցած են, որ այդ կրակոցները ուղղուած են ոչ թէ իրենց, այլ Եգիպտոսի նախագահ Սատաթի դէմ:
«Գիտակցեցայ, որ պէտք չէ պատասխան կրակոցներ արձակեմ, որովհետեւ կրնայ ոեւէ անձ նկարել զիս ու այնուհետեւ մեղադրել Իսրայէլը Սատաթին վնաս հասցնելու մէջ»,- պատմած է իսրայէլցի դիւանագէտը, հաստատելով որ Եգիպտոսի բանակին մօտ սպանութեան դէպքը պատկերող տեսագրութիւն մը պահպանուած է, որ մինչեւ օրս չէ հրապարակուած, եւ ինք Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին դիտած է այն: