image
Հրատապ լուրեր:

Սամիր Ժաաժա նախագահներու հետ սեղան կիսեց. Նախանշա՞ն

Սամիր Ժաաժա նախագահներու հետ սեղան կիսեց. Նախանշա՞ն

Լիբանանի մէջ օրերս Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնակատար Ուալիտ Ալ Պուխարի ռամատանեան իֆթարի հրաւէր տուած է, որուն ժամանակ ուշագրաւ եղած է այն, որ Սամիր Ժաաժա սեղանը կիսած է երկրի եւ կառավարութեան նախկին եւ ներկայ նախագահներուն հետ, ինչպիսիք են Միշէլ Աուն, Թամմամ Սալամ, Սաատ Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Նման երեւոյթին ի տես, վերլուծաբաններ կարծիք յայտնած են, որ այն կը մատնանշէ քաղաքական գետնի վրայ Ժաաժաի խաղացած մեծ դերին, եւ այն իւրայատուկ դիրքին, զոր կը վայելէ ու յառաջիկային պիտի վայելէ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւներուն կողմէ: