Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին իրադրութիւնը համեմատաբար եղած է աւելի հանգիստ: ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 450 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը մեծ մասամբ մնացած են ձեռնպահ պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: