ԼՂՀ- Արցախեան սահմանին դարձեալ գնդակոծումներ գրանցուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ հակառակորդը հերթական անգամ հրանետեր օգտագործած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի, որ հայկական սահմանապահ ուժերը հանդէս կու գան համապատասխան զինուորական քայլերով: Նշենք, որ Ազրպէյճան թրքական TR-107 տիպի հրթիռով մը թիրախ դարձուցած էր հայկական սահմանային կէտ մը, որուն հետեւանքով զոհուած էին 4 զինուորներ: Դէպքին հետեւանքով կան շուրջ 10 վիրաւորեալներ: