Ըստ ռուսական ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գրանցուող զարգացումներուն: Այս մասին նոյն աղբիւրին խօսած է Ռուսիոյ ԱԳ-ն խօսնակ Մարիա Զախարովան: Ան յայտնած է, թէ իրենք մօտէն կը հետեւին եւ կ'ուսումնասիրեն Լեռնային Ղարաբաղէն ստացուած տեղեկութիւնները: Նշենք, որ անցնող գիշերէն սկսեալ Ազրպէյճան լայնածաւալ եւ աննախընթաց գործողութիւններ կը կատարէ ամբողջ սահմանի երկարութեամբ: Հայկական կողմը համապատասխան կերպով կրակ պատասխան տալով վար առած է ազրպէյճանական ուղղաթիռ մը, որ կը փորձէր հարուածել հայկական սահմանապահ դիրքերը: