image

Ռուսիա միջնորդ Յորդանանի եւ Իրանի միջեւ

Ռուսիա միջնորդ Յորդանանի եւ Իրանի միջեւ

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը, վկայակոչելով արեւմտեան հաւաստի աղբիւր մը, յայտնած է, թէ Ռուսիա Սուրիոյ նախագահ Ասատի անունով Իսրայէլի կառավարութեան յայտնած է, որ վերջինս պատրաստ է ապահովել Կոլանի բարձունքներու մօտակայ շրջաններէն «Հըզպալլա»ի եւ իրանեան ուժերու հեռանալը, շեշտելով, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին Դամասկոս եւ Թէլ Աւիւ քանի մը անգամ հաղորդագրութիւններ փոխանակած են միջնորդի միջոցով:

Աղբիւրը դիտել տուած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութին ճնշում բանեցուցած է Ասատի վրայ, որպէսզի վերջինս նուազագոյնի իջեցէ իրանեան ուժերու քանակը Սուրիոյ մէջ, խուսափելով Իսրայէլի հետ հաւանական ռազմական բախումէ:

Աղբիւրը փոխանցած է նաեւ, որ վերջերս Յորդանան, Ռուսիա եւ ԱՄՆ երկխօսութիւններ իրականացուցած են, որոնց ընթացքին Օման ձգտած է երաշխիքներ ձեռք բերել, որ իրանեան ուժերը պիտի չմօտենան յորդանանեան սահմանին: