Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ-ն, 30 յունուարին ատրպէյճանական կողմի խնդրանքով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի բժշկական ջոկատը (յատուկ նշանակութեան) իրականացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու 16 հիւանդ զինծառայողներուն տարհանումը Մաղաւուզի Վանքի բնակավայրէն, ուր անոնց յանձնած են ատրպէյճանցի բժիշկներուն:
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին վրայ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու ջանքերը համակարգելու համար անընդհատ փոխգործակցութիւն կայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու միջեւ: