image

Ռուսաստանը կը պատրաստուի պատերազմի. «Թարթուսի նաւատորմը» դէպի ծովախորշ շարժեցաւ

Ռուսաստանը կը պատրաստուի պատերազմի. «Թարթուսի նաւատորմը» դէպի ծովախորշ շարժեցաւ

«Image Satellite Internacional» - ի կողմէ նկարներու տեսքով հրապարակուած արբանեակային տուեալները ցոյց կու տան, որ ռուսական ռազմածովային զօրքերը Թարթուսի նաւահանգիստէն հեռացած են:

 

Նկարներէն մէկուն մէջ կ'երեւայ, որ նաւահանգիստի մէջ կայ խարսխուած եօթ նաւ, երկու հակաահաբեկչական «Կրաթչոնոք» տիպի նաւ եւ երկու սուզանաւ, իսկ 11 ապրիլին նկարուած մէկ այլ լուսանկարը ցոյց կու տայ,  որ այդ նաւերէն շատերը այլեւս նոյն տեղը չեն: Միայն մէկ սուզանաւ մնացած է:

 

Նկարներուն վրայ գրուած մեկնաբանութեան մէջ ըսուած է, որ «Կորսուած նաւերը ներկայիս ծովուն մէջն են, ապագայ հնարաւոր հարուածներու պատճառով»:

 

Յիշեցնենք, որ Թրամբ չորեքշաբթի 11 ապրիլին հաստատած էր, որ ան շուտով պիտի հարուածէ Սուրիան: