Ռուսաստանի Դաշնային անվտանգութեան ծառայութիւնը (FSB) յաջողած է դէմ դնել «Տահէշ»ի անդամ չորս անձերէ բաղկացած «քնացած բջիջներ» անունով խմբաւորման, որ կը ծրագրէր ահաբեկչական գործունէութիւն իրականացնել Մոսկուայի մէջ:
Այս մասին հաղորդող «Sputnik»ի համաձայն, Անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ խումբը հասած է Նովի Օրէնկու քաղաքէն եւ նախատեսած է Մոսկուայի նահանգի տարածքին շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնել», աւելցնելով, որ «բջիջ»ը իր հրահանգները ստացած է Սուրիայէն, «Telegram» հաղորդակցական կապի միջոցով:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Նովի Օրէնկուի մէջ ահաբեկիչներու հետ համագործակցութիւն իրականացնողներու անօրինական գործունէութիւնը կասեցնելու նպատակով, դաշնային անվտանգութեան ծառայութիւնը, ներքին գործոց նախարարութեան հետ համատեղ յատուկ կանխարգելիչ գործողութիւն սկսած է, որու ընթացքին ձերբակալուած է 20 մարդ եւ իրականացուած է 17 ներխուժման եւ հետաքննութեան աշխատանք: