image

Ռուսաստանի միջուկայինի «ժամ»ը հասած է՞. Փութին կը բանայ փակագծերը

Ռուսաստանի միջուկայինի «ժամ»ը  հասած է՞. Փութին կը բանայ փակագծերը

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին անդրադառնալով իր երկրի միջուկային զէնքի օգտագործման որոշման, նշած է, որ այդ որոշումը կը գործադրուի այն պարագային, երբ Ռուսաստան կը ստիպուի հակադարձել իր դէմ եղած որեւի թշնամութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»ը:

 

Աղբիւրին համաձայն, Միջուկային զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Փութին ըսած է. «Սա շատ նուրբ եւ կարեւոր հարց է:  Այս առումով կ'ուզեմ ներսին եւ դուրսին իմ խօսքս ուղղելով ըսել, որ միջուկային զէնքի օգատագործումը, որ կը յուսանք երբեք ալ չենք ստիպուիր օգտագործել, հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ զգանք որ մեր երկիրը վտանգի մէջ է»:

 

Ան աւելցուցած է, որ կասկած չկայ, որ այդ զէնքի օգտագործումը համաշխարհային աղէտի պատճառ  պիտի ըլլայ եւ ամբողջ մարդկութիւնը սպառնալիքի տակ պիտի գտնուի, սակայն «Ես որպէս ռուս քաղաքացի եւ այս երկրի  նախագահ յաճախ ինձ հարց կու տամ, թէ՝ Մենք ի՞նչ պէտք ունինք այս աշխարհին, եթէ Ռուսիան այնտեղ գոյութիւն չունենայ»: