Սէուտական Արաբիան քննադատած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահույի վերջին յայտարարութիւնը Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի մէկ մասի բռնակցման մասին, կը հաղորդէ ԹԱԱՍ-ը։
«Թագաւորութիւնը կը կարծէ, որ Նաթանիահույի յայտարարութիւնը շատ վտանգաւոր ձգտում է՝ ուղղուած պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, եւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ միջազգային նորմերու ուղիղ խախտում է»,- կ՛ըսուի պարբերութեան մէջ:
Ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ՝ Սէուտեան Արաբիան ԱԳ նախարարներու մակարդակով տուեալ հարցի քննարկման եւ Իսրայէլի վարչապետի մտադրութիւններուն հակահարուած տալու շտապ ծրագիր մշակելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ նիստ հրաուիրած է:
Աւելի վաղ իր ուղերձին մէջ Նաթանիահու յայտարարած էր, որ 17 սեպտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային իսրայէլեան ինքնիշխանութիւն պիտի տարածէ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին:
2016 թուականի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի թիւ 2334-րդ բանաձեւը Իսրայէլէն կը պահանջէ դադրեցնել Արեւմտեան ափին բռնակեցման գործունէութիւնը: Աւելի վաղ Իսրայէլի կառավարութիւնը հրաժարած էր կատարել փաստաթուղթի այդ դրոյթը: Իսրայէլը այդ հատուածը վերահսկողութեան կէս դարուայ ընթացքին կառուցած է մօտ 120 բնակավայրեր, որոնք կը համարուին պաղեստինցիներու հետ խաղաղ գործընթացի վերսկսման հիմնական խոչընդոտներէն մին։