Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը,որ անցնող օրերուն Երեւանի մէջ կը գումարէր իր Պատգամաւորական 27-րդ ժողովը, ժողովի աւարտին յայտարարած է նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն անունները: Նշենք, որ յայտարարութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ: Կուսակցութեան ղեկը ստանձնած է Սէրժիո Նահապետեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան կազմին անունները:
Ատենապետ Սէրժիո Նահապետեան
Ա. Փոխ Ատենապետ Իւճին Գարաճեան
Բ. Փոխ Ատենապետ Լեւոն Պալըքեան
Ատենադպիր Սեւակ Յակոբեան
Փոխ Ատենադպիր Գէորգ Գրիգորեան
Գանձապահ Վարդան Ուզունեան
Խորհրդականներ՝ Հրայր Հովիւեան, Պարոյր Գույումճեան, Սեդրակ Ապպասեան, Վազգէն Էսքիճեան, Յակոբ Անդրէասեան, Ճէնի Գրիգորեան- Բարսեղեան, Ռաֆֆի Պալեան, Հայկ Լէփէճեան, Միհրան Գիւբհէրեան եւ Բարթուղ Գալստեան:
Ըստ հրապարակուած յայտարարութեան, ընտրուած մարմինը պիտի գործէ 3 տարուան ժամանակամիջոցի մը համար: