ՌԱԿ վերականգնումի շարժումը ծնունդ առած է հաւատաւոր անդամներու միասնական ցանկութենէն՝ մեր պանծալի կուսակցութիւնը իր պատմական եւ աւանդական պատուանդանին վրայ վերահաստատելու նպատակով: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած առաջին հաւաքը համատարած արձագանգ գտաւ սփիւռքի տարբեր շրջանակներէն ներս, ոգեւորելով նաեւ մասնակիցներէն դուրս բազում ընկերներ, որոնք որոշած են աւելի թիւերով իրենց մասնակցութիւնը բերել յառաջիկայ Ապրիլ 18-22, 2016-ին կայանալիք երկրորդ հաւաքին:
ՌԱԿ վերականգումի համախմբումին հաւաքը ունի մէկ պարզ նպատակ- վերամիացնել կուսակցութիւնը եւ զայն վերահաստատել իր ազգային քաղաքական ուղեգիծին վրայ: Մանաւանդ ան բաց ատեան մըն է բոլոր սրտցաւ ընկերներուն դիմաց, իրենց խօսքը ըսելու եւ իրենց ներդրումը կատարելու այս միարարական շարժումին:
Գօտեպնդող երեւոյթը այն է, որ տակաւին «կեդրոն» խաղցող տխուր խմբակին նախկին մասնակիցները միացած են Վերականգնումի Շարժումին, անդարադրձած ըլլալով որ ՌԱԿ-ը սկսած էր ուղղուիլ դէպի անդունդ: Իսկ ոմանք եթէ դեռ հեռու կը մնան Վերականգնումի Շարժումէն, միանշանակ հեռացած են իր օրինականութիւնն ու վարկը կորսնցուցած այդ խմբակէն: Հետեւաբար «մնացորդաց»ին ապիկար փորձերը պատգամաւորական ժողով գումարելու Պուէնոս Այրէսի մէջ տապալեցան, երբ հրապարակ ելաւ Վերականգնումի Շարժումը: Իսկ այսօր, երբ աւելի եւս հզօրացած է ալիքը՝ «կեդրոն»ի խլեակները ահաբեկած են եւ շուարումի ախտանշաններ կը դրսեւորեն՝ շփոթած հաղորդագրութիւններ հրատարակելով, մէկը միւսին անյարիր եւ հոգեվարքի բացայայտ գալարումներով:
Քանի մը դիմափոխութիւններէ անցնելէն ետք, Փետրուար 29 թուակիր «պաշտօնական յայտարարութիւն» մը հրապարակ ելաւ, որ կեդրոնախոյս «կեդրոն»-ին ամէնէն խօսուն վկայութիւնն է՝ նօսրացած շարքերէն ներս տիրող շփոթին: Օրէնքն ու օրինականութիւնը ծաղր ու ծանակի վերածող մարդիկ տակաւին կը բարբառեն «օրինականութեան» անունով: Իսկ այդ անվայել փաստաթուղթը յօրինողները անպայման հայելիի մէջ ցոլացումը տեսած են իրենց դէմքերուն՝ օգտագործելու համար «եսակեդրոն», «ապաշնորհ», «պատեհապաշտ», «պառակտողական», «անբարոյ» եւ «իշխանատենչ» որակականները:
Բանակցութեանց Արդիւնքը
«Կեդրոն»ի մնացորդացը իրենց կոչերով տակաւին կը շարունակեն իրենց խաբեպատիր կենցաղը՝ առանց անդրադառնալու, թէ սպառած է անգամ միամիտներու միամտութիւնը: Անոնք կը հրաւիրեն բոլոր ընկերները Մայիսին կայանալիք խորհրդակցական ժողովի մը, նախօրէին 5 վայրկեանի ելոյթով պարզելու իրենց տեսակէտներն ու գանգատը, որմէ ետք հրաշքով մը, յանկարծ կուսակցութիւնը պիտի վերահաստատէ իր միասնականութիւնը:
Գիտակիցները արդէն գիտեն եւ անիմացները պէտք է իմանան, որ ամիսներու բանակցութիւններ կատարուած են Վերականգնումի շարժումի ղեկավարներուն եւ կուսակցութեան զինանշանն ու անունը շահարկողներուն միջեւ, հակառակ որ վերոյիշեալները բազմիցս փաստած էին իրենց իշխանատենչութիւնն ու անիմաստ խաղերով շարքերը օրօրելու սովորութիւնը: Վերականգնումի ղեկավարները, յարգելով միջնորդ ընկերներու սրտցաւ ցանկութիւնները, լուրջի առին այդ անլուրջ մարդիկը, ամիսներով բանակցեցան, թուղթի վրայ արձանագրեցին գոյացած համաձայնութիւնը, իմանալու համար, որ կուսակցութիւնը շատ հեռու է իր մասնակցութիւնը հաստատելէ եւ «կեդրոն»-ցիները տակաւին չեն հրաժարած եւ դիտաւորութիւնն ալ չունին հրաժարելու իրենց թափանցիկ խաղերէն:
Որեւէ դատողութեան տէր անհատի պէտք է հարցնել, որ եթէ ամիսներու բանակցութիւնները չեն յաջողած պառակտումը վերացնելու՝ հինգ վայրկեանի խօսակցութի՞ւնն է, որ պիտի իրականացնէ ցանկացուած միութիւնը:
Տասը տարիներէ ի վեր կուսակցութիւնը կորսնցուցած է իր ազգային-քաղաքական դիմագիծն ու վարկը, եւ մեղքը վիզն է այն հացկատակներուն, որ մեր փառաւոր կուսակցութիւնը այս վիճակին մատնեցին:
Կուսակցութիւնը աւերակի վերածելու իրենց մեղքը պարտկելու համար, ապաշնորհ փորձով մը խոցելի կէտ մը գտած ըլլալ կը կարծեն խեղճացած այս «ղեկավարներ»ը՝ յանկերգելով անվերջ, որ Վերականգնումի ղեկավարները «իւրացուցած են կուսակցութեան ունեցուածքը» եւ իրենց տրամադրութեան ներքեւ չեն դրած զանոնք: Տակաւին խիպ եւ ամօթ ունեցող մարդոց աչքերուն ուղիղ նայելով պէտք է պարկեշտօրէն հարց տալ- ո՞րն է կուսակցութեան «ունեցուածքը»- Կլենտէյլի կուսակցապատկան կալո՞ւածը, որ յարեաւ ի Քրիստոս, թէ՝ Պուէնոս Այրէսի ԹՄՄ-ի Սուրէն Ֆեսճեան կեդրոնը, ԹՄՄ-ի Լոնտոն Թըրա՞սթը թէ՝ Երեւանի ԹՄՄ կեդրոնը, Պէյրութի ԹՄՄ-ի շէ՞նքը թէ Հոլիվուտի ԹՄՄ Տիգրանեան վարժարանը:
Եթէ վերոնշեալ կալուածները չեն վստահուած վարկազուրկ «կեդրոն»ին, պարզապէս լուրջ պատճառ մը պէտք է ըլլայ այդ երեւոյթին ետին: Պատճա՞ռը՝ ոչ մէկ շրջանակ դոյզն հաւատքը ունեցած է այդ անլուրջ խմբաւորման նկատմամբ, մանաւանդ որ երկու յատուկ կալուածներ որոնք պատահականօրէն մնացած էին այս մարդոց ձեռքը՝ անյետացան- Կլէնտէյլի կուսակցապետական շէնքն ու Պուէնոս Այրէսի Թէքէեան կեդրոնը, որոնք այսօր ձեռքէ հանուած են: Իսկ միւս կալուածները, բարեբախտաբա՛ր հասողութենէն դուրս մնացած են այս խմբակին եւ կը շարունակեն ծառայել իրենց նպատակին, օր ըստ օրէ աւելի արժեւորուելով:
Խօսելով մամուլի եւ զինանշաններու մասին «պաշտօնական յայտարարութեան» հեղինակները կը բարբառեն- «դժբախտաբար, անոնք յափշտակած են ՌԱԿ-ի անունն ու զինանշանը ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլի որոշ միաւորներ, որոնք անբարոյ կերպով կը գործածեն յագուրդ տալու համար իրենց նեղ եսասիրութեան»:
Նախ կուսակցութեան անունն ու զինանշանը ե՞րբ պատկանած են կուսակցութիւնը վարկաբեկող խմբակին, որ կուսակցութեան պատմութիւնը կերտողները իւրացուցած ըլլան անոնք: Իսկ գալով մամուլին, որոնք դադրած են բովանդակազուրկ, անդիմագիծ եւ խմբագրական տարրական սկզբունքներուն անտեղեակ՝ միայն ամօթանք պատճառելու համար «ռամկավար եմ» ըսող որեւէ անհատի:
Եթէ փրոֆէսիոնալ մակարդակով ազգային գաղափարական բովանդակութեամբ ՌԱԿ-ի թերթեր գոյութիւն ունին դեռ, անոնք կը կոչուին Ապագայ, Տե Արմինիըն միրրըր- սփեքկէյթըր, Ազգ: Անոնք հպարտութիւն կը պատճառեն ոչ միայն կուսակցականներուն, այլ ոեւէ հայու եւ կամ քաղաքական հասունութիւն ունեցաղ ընթերցողի: Այս իրողութիւնը չտեսնելու համար՝ միտքի խեղճութեան ողբալի մակարդակ մը ունենալու էր մարդ:
Վերականգնումի Շարժումը Անկասելի Է
Ապրիլի 18-ին կայանալիք հաւաքը միարարական գործարք մըն է, որ իր շուրջ պիտի համախմբէ մեծամասնութիւնը իրաւ կուսակցականներուն. ունի իր յատուկ օրակարգը եւ նպատակները:
Յետ խորհրդակցութեանց պիտի կազմուին յանձնախումբեր՝ վերամշակելու եւ այժմու ազգային-քաղաքական իրականութեանց պատշաճեցնելու կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը: Պիտի մշակուի կուսակցութեան փլատֆորմը՝ երաշխաւորելու համար կուսակցութեան տեղը այսօրուան քաղաքական իրավիճակին մէջ, պիտի կատարուին կառոյցային փոփոխութիւններ՝ արժեւորելու համար ծրագրուած ուղեգիծերը, առանց մտահոգուելու փառասիրութիւններ գոհացնելու պարտաւորութեանց մասին:
Գնացքը արդէն ելած է ճամբայ. Արիները կը գտնեն իրենց տեղը այդ գնացքին մէջ եւ հաւատքի պակաս ունեցողները կրնան ջախջախուիլ գնացքի անիւներուն տակ:
Հրաւէր՝ անաղարտ կուսակցականներու Ապրիլեան համախմբումին Երեւանի մէջ: