Պոլսահայ յայտնի լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս 25-29 Յունուարին Սթրասպուրկի մէջ իբրեւ լրագրող հետեւած է ԵԽԽՎ ձմեռային նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ կատարած է հետեւեալ դիտարկումները.
Բաժակին նայիլ ամբողջութեան մէջ
Մասնակցելով Սթրասպուրկի մէջ կայացած Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերուն եւ փորձելով դիտարկել եւ ուսումնասիրել եղելութիւնները, հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէս հաւատարմագրուած լրագրողները կը հակազդեն տեղի ունեցող քննարկումներուն: Երբ որեւէ երկրի, քաղաքի կամ զանգուածի հետաքրքրող պատահար մը կը գրանցուի կամ որոշում մը կ'ընդունուի, որոշ լրագրողներ այդ ճշմարտութեան մէկ մասը առնելով՝ կը փորձեն անտեսել ճշմարտութեան միւս մասը: Մինչ, այլ լրագրողներ ալ կը կատարեն հակառակը՝ այդ անտեսուած մասը վերցնելով կը փորձեն ճշմարտութիւնը անով սահմանափակել: Երկուքն ալ սուտ չեն խօսիր, սխալ բաներ չեն գրեր, սակայն պակաս կը ցոլացնեն ճշմարտութիւնը: Մենք պիտի ջանանք, ոչ թէ միայն բաժակի դատարկ մասը տալ, այլ պիտի ջանանք տալ բաժակին ընդհանուր պատկերը:

Ջուր եւ մշակոյթ. ո՞րն է կարեւոր
Իր վերջին նիստին Եւրոպական խորհրդարանը Ղարաբաղին առնչուղ երկու որոշում կայացուց: Առաջինը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող Սարսանկի ջրամբարէն ազրպէյճանական կողմի չօգտվելու առթիւ ընդունած հակահայկական բանաձեւն է:
Այս երեւոյթը աշխարհի չորս կողմը շատ ընդունուած եւ գրականութեան նիւթ դարձած թեմա է, նոյնիսկ անհատ հարեւաններու միջեւ, երբ որ հողամասի մը վրայ գտնուի ջուրի ակունք եւ չթողէ որ այդ ջուրը հոսի հարեւանին, ինչ-ինչ հարցեր կ'ըլլան, նոյնիսկ պատերազմի երթալու չափ մեծ ծրագիրներ կը գծուին:
Օրինակ Մարսէլ Փանէոլի ֆրանսական ֆիլմի նիւթ դարձած «Մանոն տէ սուս» եւ Մէթի Տեքսանի թրքերէն ՝ «Սուզսուզ եազ» ֆիլմերը եւ տակաւին շարք մը ֆիլմեր, որոնք ջուրի թեման արծարծած են: Կը կարծեմ, որ նման հարցի մը արծարծումը պէտք է ըլլար ոչ թէ Եւրոխորհրդարանի, այլ` ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար ստեղծուած Մինսքեան խումբին մօտ: Ուրեմն այս երկու թեմաները արծարծուեցան, կային կողմ եւ դէմ եղողներ եւ յետոյ այդ օրինագիծը անցաւ եւ ազրպէյճանական կողմը ըսաւ, որ ահաւասիկ մենք յաղթանակ մը տարինք: Հայկական կողմն ալ հակադարձեց, թէ ասիկա քանի քաղաքական շատ լուրջ հարց մը չէ, կամ ընկերային հարց է՝ այդքան ալ կարեւորութիւն չունի: Սակայն երկրորդ մէկ որոշում մը կար, որ ատոր մասին գրեթէ շատ չխօսուեցաւ, «Լեռնային Ղարաբաղի եւ ազրպէյճանական «գրաւուած» տարածքներու վրայ եղող խախտումներու վերաբերեալ» որոշումն էր:
Այնտեղ ենթաթեքսթին մէջ կար 18 հատ յօդուած, որուն համար ազրպէյճանական կողմը բաւական լաւ պատրաստուած ըլլալով, շատ խիստ կերպով կը դատապարտէր Հայաստանը: Հայասատանեան կողմը մեծ ուրախութիւն ապրեցաւ, որ երկրորդ օրինագիծը չանցաւ, մեծ աղմուկներ լսուեցան , սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ չանցած որոշման մէջ գրուած որոշ նախադասութիւններէն շատ աւելի սուրը այդ անտեսուած, կարեւորութիւն չտրուած ջուրի որոշման մէջ էր:
Համառօտ կերպով ըսելիքս այս է, այսինքն ընդհանուր տեղեկութիւններու մէջ Ղարաբաղը եւ Ազրպէյճանի այն «գրաւուած» մասերուն նշուիլը արդէն կը նշանակէ յառաջիկայի համար որպէս րէֆէրանս ընդունիլ, ըսելով, որ նայեցէք՝ Եւրոխորհուրդի մէկ որոշման մէջ պաշտօնապէս այս նախադասութիւնը ընդունուած է: Այսինքն հետեւեալը պէտք է ըսել. «Անտառին նայելով ծառերը չպէտք է անտեսենք», որովհետեւ ինչպէս ամէնուրէք, նոյնիսկ այսպիսի դիւանագիտական ամպիոններու մէջ ալ վերնագիրէն շատ աւելի կարեւոր են օրինագիծերու ենթաթեքստին մէջ եղող աննշան համարուած մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէն ուրախալի դէպքեր եղան իհարկէ, որոնցմէ կարեւորագոյնը «Եուրիմաժ» անունով յայտնի հաստատութեան Հայաստանի անդամակցութիւն էր: «Եուրիմաժ» ը հիմնուած է 1988-ին Եւրոխորհուրդի մարմինէն ներս, որու նպատակն է Եւրոպայի բոլոր միացեալ ֆիլմերու ծրագրերուն համար նիւթական նեցուկ ստեղծել եւ այլ հարցերու օգտակար ըլլալ: Տեղին է նշել, որ Հայաստանը Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ չըլլալով այս ֆոնտէն չէր կրնար օգտուիլ, սակայն 28 Յունուարին յայտարարուեցաւ, որ 1 Յունուար 2016 թուականէն սկսեալ Հայաստան լիիարաւ անդամ է այդ կարեւոր մարմնին: Այս մէկը կը նշանակէ, որ «Եուրիմաժ»ը ցայսօր բոլոր եւրոպական ընդհանուր ծրագիրներուն օժանդակած մարմին է եւ այս աշխատանքը կ'ընէ այնպիսի երկիրներու պարագային, որոնց միջեւ հակամարտութիւններ կան, այսինքն աւելի պարզ ըսեմ, այս ծրագիրը նպատակ ունի ֆիլմերու ծրագրեր իրականացնել Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան ձեւաչափերով: Ծրագրին ընդհանուր նպատակը բարեկամական բովանդակութիւն ունեցող ֆիլմի ծրագիրներուն նիւթական օժանդակութիւն տալն է բան մը, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տարբեր ոլորտներուն վրայ:

Սթրասպուրկը՝ բարեկամութեան եւ համերաշխութեան կեդրոն
Իսկ աւարտին արժէ յիշեցնել, որ Սթրասպուրկը այն իւրայատուկ վայրն է, ուր ֆրանսացիները եւ գերմանացիները իրար դէմ ճակատագրական պատերազմներ մղած են, սակայն տարիներ անց այսօր այդ քաղաքը դարձած է երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան խորհրդանիշ:

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս
Սթրասպուրկ- Պոլիս