26 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 49 072 պարագայ, որոնցմէ 43 576-ը` առողջացած, 947-ը` մահացած:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4 253 հիւանդ:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 280 336 հետազօտութիւն:
Այսպիսով` երէկ կատարուած է 4289 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 429 նոր պարագայ: Կան 175 առողջացած: