image

«Քորոնա»ով վարակուած 187 նոր պարագայ. Կայ 5 մահ

«Քորոնա»ով վարակուած 187 նոր պարագայ. Կայ 5 մահ

13 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 45862 պարագայ, որոնցմէ 41659-ը` առողջացած, 916-ը` մահացած:

  «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3005 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 238312 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 3681 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 187 նոր պարագայ: Կան 54 առողջացած: