Քրտական ինքնապաշտպանութեան միաւորներու պաշտօնական խօսնակը յայտարարած է, որ արտաքին դերակատարները, ինչպիսին է Թուրքիա, պարտին շինիչ դեր խաղալ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ նպաստել երկրի վրայ յարձակումներ կատարելուն, կը գրէ «Russia Today» լրատուական կայքը:
«Interfax» գործակալութեան հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ վերջինս յայտնած է նաեւ, որ քրտական ուժերը ցանկութիւն ունին Սոչիի մէջ կայանալիք Ազգային երկխօսութեան համագումարին մասնակցելու, սակայն մինչեւ այս պահը հրաւէր չեն ստացած:
«Մենք կը ցանկանք մասնակցութիւն բերել որեւէ համագումարի, որ կը միտի խաղաղութիւնը վերականգնել, սակայն ոչ պատերազմը վերստին հրահրել»,- նշած է ան, միաժամանակ շեշտելով, որ Սուրիոյ խնդիրներու լուծումը սուրիացիներու կողմէ պէտք է իրականացուի, իսկ արտաքին դերակատարները պէտք է շինիչ դեր խաղան եւ ոչ թէ նպաստեն երկրին վրայ յարձակումներ գործելուն, ինչպէս ըրաւ Թուրքիա: