Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի արդարադատութեան պալատի դիմաց տեղի ունեցած պայթումի եւ անոր յաջորդած զինուած բախման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» (TAK) զինեալ խմբաւորումը:
Յիշեցնենք, որ 5 յունուարին Իզմիրի արդարադատութեան պալատի առջեւ 3 անյայտ անձիք նախ ականուած ինքնաշարժ պայթեցուցած էին, ապա զինուած բախման մէջ մտած՝ անվտանգութեան ուժերու հետ: Դէպքի հետեւանքով սպաննուած էր 2 հոգի: