Սուրիական Գամիշլի քաղաքի բնակիչները քարեր ու լոլիկներ նետած են քաղաքը լքող ամերիկացի զինուորականներու ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ տեղական Hawar News Agency-ն:
Հոկտեմբերի սկիզբը «Սուրիական դեմոկրատական ուժեր» խմբաւորման քիւրտ զինեալները Ուաշինկթընի որոշումը զօրքերը դուրս բերելու մասին, «թիկունքէն հարուած» անուանեցին: