image

Քեսապը Դարձեալ Ոտքի Պիտի Կանգնի. Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան

Քեսապը Դարձեալ  Ոտքի  Պիտի Կանգնի. Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան

«Արեւելք»ը զրուցեց  Քեսապի Հայ Աւետարանական    Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանին Հետ:

«Քեսապի ապահովական վիճակը, բաղդատելով Հալէպի վիճակին, աւելի  տանելի է»,- «Արեւելք»ին  ըսաւ   Պատուելի  Ժիրայր Ղազարեան: Հայ աւետարանական համայնքի  հոգեւոր հովիւը  նաեւ հաստատեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ Քեսապի վրայ   յարձակումներ չեն գործուիր: «Քեսապի դէմ ուղղակի գործուող  յարձակումներ կամ ռմբակոծումներ    չկան,  բայց  գիւղի շրջակայքէն 10-էն 20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ  գտնուող  շրջաններու մէջ ահաբեկիչ  զինեալներ ատենը մէյ մը փորձեր կ'ընեն միջամտել  եւ խանգարել   առկայ անդորրը»:  Պատուելին  նաեւ ըսաւ, որ Քեսապի շրջակայքի լեռներուն վրայ  Սուրիոյ  ազգային բանակի զինուորական պաշտպանողական կեդրոններ կան եւ  յաւելեց. «Մենք աւելի Էսկուրանի մօտ ենք, այսինքն Քեսապէն մօտ 5 քլմ. հեռու: Զինուորները լեռներուն վրայ են,  եւ  բանակը դէպի Ժապալ Քրատ, Սալմա եւ Նապիաա կը  հարուածէ»: Պատուելին  նաեւ նշեց, որ հրթիռարձակումները սովորական դարձած են, բայց «Երբ զարկը աւելնայ կը մտահոգուինք  քանի, որ երբ ընդիմադիրները ծանր ռմբակոծումի ենթարկուին, ըլլայ սուրիական կառավարութենէն կամ ռուսներու կողմէ, անոնք ալ իրենց ռումբերը կ'ուղղեն դէպի Քեսապ: Ասկէ առաջ պատահեցաւ, երբ ընդիմադիրները իբր անդրադարձ Քեսապի վրայ 7 ռումբեր  նետեցին»,- ըսաւ ան:  Պատուելին,  անդրադառնալով  ռուսական ուժերուն  Սուրիոյ մէջ  միջամտութեան,    ըսաւ. «Մենք այնքան ալ չենք զգացած ռուսական միջամտութիւնը, թէեւ ընդհանրապէս ժողովուրդը յոյսի նշոյլ մը ունեցաւ, որ մօտ օրէն  պատերազմը վերջ  կը գտնէ կամ  ընդհանուր  իրավիճակը  կը բարելաւուի»: Խօսելով  Քեսապի տնտեսական վիճակին   մասին` Պատուելին բացատրեց. «Տնտեսական գետնի վրայ վիճակը շատ վատ է, որովհետեւ քեսապցիին  ապրուստի հիմնական  աղբիւրը  հողագործութիւնն է, որ  վերջին  դէպքերուն հետեւանքով մեծ  կորուստներ  կրեց:  Կայ նաեւ զբօսաշրջութեան  պարագան, որ ներկայիս անդամալուծուած է բոլորիս յայտնի  պատճառներով: Երբ  վերջին   դէպքերը եղան, պարտէզները, հունտերը, ծառերը վնասուեցան, հետեւաբար այս տարուան բերքը մեծ  կորուստներ կրեց: Ներկայիս Քեսապի պարտիզպանները ուշի-ուշով, գիշեր ցերեկ կ'աշխատին, որ գալ տարի այս ծառերը բարելաւուին, որովհետեւ երեք ամիսներու    ստիպուած լքումէն ետք  Քեսապի   հողամշակութիւնը  մեծ  կորուստներ  կրեց»: Խօսելով գիւղին ուղղուած օժանդակութիւններուն մասին` Պատուելին ըսաւ. «Շտապ օգնութեան   մարմին մը կայ, որ կը փորձէ  ամէն  գնով  եւ միջոցներով օգտակար ըլլալ գիւղին: Անցեալները   բոլոր համայնքներուն հաւասար չափով պարտէզի գործիքներ տրուեցան,  բայց եթէ բաղդատական ըլլայ մարդոց թիւին եւ բաժնուած գործիքներուն միջեւ  կը նկատուի, որ գործիքներուն թիւը փոքր է, բայց մենք ջանացինք արդար բաժանում կատարել»: Պատուելին  նաեւ նշեց, որ «Շտապ օգնութեան մարմին»ը   սննդամթերք կը բաժնէ գիւղացիներուն: Ան նաեւ յիշեց  Հայ Աւետարանական համայնքը եւ   Սուրիոյ «Կարմիր Մահիկ» կազմակերպութիւնը, որ նոյնպէս  կարեւոր օժանդակութիւններ կը  տրամադրեն Քեսապի բնակիչներուն:   Պատուելին  խօսելով  Քեսապի տնտեսական իրավիճակին մասին  ըսաւ.  «Տնտեսական այս վիճակով անհրաժեշտ է ամիսը կամ երկու ամիսը անգամ մը օժանդակութիւն բաժնել ժողովուրդին,  որովհետեւ  առաջին անհրաժեշտութեան  բոլոր նիւթերը մեծ սղաճ  գրանցած են»:  Ան նաեւ  յիշեց, որ  դրամական  յատկացում չի կատարուիր, այլ  միայն սննդեղէն  կը տրուի  կարիքաւորներուն:  «Նպատակը այն է որ գիւղացիները իրենց հողերը մշակեն եւ անոնց արդիւնքէն օգտուին»:  Պատուելի  Ղազարեան  նաեւ նշեց, որ այս տարուան բերքը եղած է  շատ քիչ  եւ անարդիւնաւէտ` յոյս յայտնելով,  որ յառաջիկայ տարի եթէ ամէն ինչ բարենապաստ  ընթանայ     Քեսապը դարձեալ       առատ  եւ առողջ  բերք պիտի ունենայ: Օգնութեան կոչով հանդէս գալու մասին պատուելին շեշտեց. «Կը  վարանինք   Քեսապը օժանդակելու  կոչեր ընելէ, որովհետեւ  մեր վիճակը համեմատելով   Հալէպի եւ Դամասկոսի, շատ աւելի լաւ է»,-  հարց տալով, թէ «Ինչքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլայ մեր գանգատը, երբ մարդիկ անդին ելեկտրականութիւն չունին, ջուր չունին եւ մարդկային բարւոք կեանքի  տարրական պահանջները չունին եւ կ'ապրին»: Աւարտին  Պատուելին  յոյս յայտնեց, որ եթէ ամէն ինչ  բարեյաջող ընթանայ, Քեսապ   հայկական  աւանը   դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի: