image

Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին (Լուսանկարներ)

Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին (Լուսանկարներ)

Քեսապի մէջ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի դիմատետրի էջէն:

Նշենք, որ մարտ 2014-ին, հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ինչպէս նաեւ գիւղի միւս եկեղեցիները ծանր վնասներու ենթարկուած էին, երբ ընդդիմադիր զինեալներ մուտք գործելով Քեսապ, աւերածութիւններու ենթարկած էին ոչ միայն հայ բնակիչներու տուները եւ թալանած զանոնք, այլ նաեւ ծանր վնասներ հասցուցած էին եկեղեցիին:

15 յունիս 2014-ին Քեսապ ներխուժումէն ամիսներ անց, ընդդիմադիր զինեալները, որոնց մէջ կային նաեւ ահաբեկիչ Ալ-Նուսրա խմբաւորման զինեալներ, անակնկալ կերպով հեռացած էին քեսապէն եւ Սուրիոյ ազգային բանակի միաւորներ վերստանձնած էին Քեսապի եւ անոր սահմաններու պահպանութիւնը:

Ներկայիս Քեսապ հայկական գիւղը կ'ապրի բնականոն կեանքով, սակայն անոր մեծ թիւով բնակիչները պայմաններու եւ յատկապէս պատերազմի բերումով հեռացած են գիւղէն: