image

Քէփթակոնի Արտադրութիւնը «Ծաղկում» Կ'ապրի Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ

Քէփթակոնի  Արտադրութիւնը  «Ծաղկում» Կ'ապրի  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ

Լիբանան-  («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Քէփթակոն անունով յայտնի թմրանիւթերու հատիկներու արտադրութիւնն ու առեւտուրը զգալի «ծաղկում» կ'ապրի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-ժատիտ», նշելով, որ, անվտանգութեան ծառայութիւնները կրցած են ձախողցնել  այս թմրանիւթի զանգուածային մաքսանենգութեան գործողութիւնները, մասնաւորապէս դէպի Ծոցի երկիրներու շուկաները:

Լիբանանեան անվտանգութեան աղբիւրներու  համաձայն, Լիբանանն ու Սուրիան դարձած են քէփթակոնի մաքսանենգութեան անցակէտ,  մասնաւորապէս սուրիական ճգնաժամի սկիզբէն ետք:

Լիբանան գտնուող սուրիացի նախկին     ընդդիմադիր  զինեալ մը այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ ինք եւ իր գործընկերները այս թմրանիւթը կ'օգտագործէին, քանի որ այն «կը վերացնէր յոգնածութեան եւ վախի զգացումը եւ երկար ժամանակի համար արթուն կը պահէր զիրենք», - աւելցնելով, որ ան իրենց կ'օժտէր «քաջութեամբ եւ անսպառ ուժով»:

Սուրիոյ  իշխանութիւններու համաձայն, քէփթակոնի գործարանները կը գտնուին իշխանութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջաններուն մէջ, յատկապէս Հալէպի՝ Թուրքիոյ եւ Դամասկոսի արուարձանի հետ ունեցած սահմանային գօտի հանդիսացող շրջաններուն մէջ, մինչ Լիբանանի մէջ քէփթակոնի արտադրութեան ամենանշանաւոր շրջանը Պեքաան է:

ՄԱԿ-ի  յանցագործութիւններու եւ թմրադեղերու դէմ պայքարող գրասենեակի հաստատմամբ, Միջին Արեւելքը վերջին տարիներուն ի յայտ եկած է որպէս մեծ քանակութեամբ կէփթակոն ապահովելու նոր շուկայ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ համար: