Բրիտանական «Daily Telegraph» թերթին հրապարակած յօդուածներուն համաձայն, Լիպիոյ նախկին նախագահ Քազզաֆի կը պատրստուէր անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ» ակումբի խոշորագոյն բաժնեմասը գնել:
Թերթը, վկայակոչելով Կիպրոսի թուրք գործարար Մեմեթ Տիլմանի յայտարարութիւնը, նշած է, որ վերջինս 2004 թուականին անձամբ մեկնած է Լիպիա, Քազզաֆիի խորհրդականներուն հետ հանդիպելու, եւ առաջարկելու, որ նախագահը ակումբի 29,9 տոկոսը գնէ, սակայն գործարքը վերջին վայրկեանին խափանուած է:
Աղբիւրը հաւաստած է նաեւ, որ Քազզաֆիի որդին նոյնպէս 2005 թուականին նման յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է:
«Ես այդ օրերուն հօրս ըսի, թէ այն նման է Անգլիոյ մէջ եկեղեցի գնելուն: Շատ դժուար, եւ անգամ անկարելի պիտի ըլլայ նման գործարքի իրագործումը, նկատի ունենալով ակումբի համակիրներն ու պատմութիւնը»: