Քաթար Մերժած է Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ Արաբական Ծոցի երկիրներու պահանջը, կապուած Ալ Ճազիրա կայանը փակելու հետ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, որպէս միջնորդ հանդէս եկող ԱՄՆ Արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Փոմփէօ Քաթարի էմիրին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի պահանջը, նշելով, որ «Ալ Ճազիրա» կայանը արաբական երկիրներուն մէջ ներքին խնդրներու ստեղծման առիթ կը հանդիսանայ, հետեւաբար Քաթարի շրջափակման վերացման համար որպէս նախապայման, պէտք է անյապաղ փակել զայն, որուն ի պատասխան Քաթարի Էմիրը յայտնած է, թէ կտրականապէս կը մերժէ կատարել պահանջը:
Փոմփէօ յայտնած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա կ'առաջարկէ գնել Ալ Ճազիրան մէկ միլիառ տոլարի դիմաց, կամ այն կը շարունակէ մնալ Քաթարի սեփականութիւնը, սակայն Սէուտական Արաբիոյ էմիրներէն մէկը կը նշանակուի լուրերու սփռման պատասխանատու: Այս առաջարկը նոյնպէս մերժում գտած է Քաթարի կողմէ:
Նշենք, որ հակառակ ԱՄՆ-ի ճնշումներուն, Քաթար անայլայլ մնացած է իր որոշման մէջ: Աղբիւրին համաձայն, եւրոպական երկիրներէն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կողմ են «Ալ Ճազիրա»ի պահպանման: