17 Մայիսէն Քաթարի իշխանութիւնները սահմանած են տունէն դուրս բժշկական դիմակներ պարտադիր կրելու ռեժիմը երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման հետեւանքով, ըսուած է կառավարութեան որոշման մէջ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«17 մայիսէն՝ որեւէ նպատակով տունէն դուրս գալու ժամանակ բժշկական դիմակ կրելը պարտադիր է: Բացառութիւն կը կազմեն մարդիկ, որոնք առանձին կ'երթեւեկեն մեքենայի մէջ»,-ըսուած է որոշման մէջ:
Սահմանափակումը խախտելու պարագային նախատեսուած է մինչեւ երեք տարի ժամկէտով ազատազրկում կամ տուգանք մինչեւ 200 քաթարական ռիալի չափով (շուրջ 55 հազար տոլար):
Հակառակ փոքրաթիւ բնակչութեանն ու փոքր տարածքին՝ Քաթարի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման ամենամեծ աճը՝ ի տարբերութիւն բոլոր արաբական երկիրներու տուալներուն: Ուրբաթ երկրի առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Քաթարի մէջ, որ ունի շուրջ 2,5 միլիոն բնակչութիւն, համաճարակի սկիզբէն ի վեր յայտնաբերուած է աւելի քան 29 հազար վարակուած, երբ մէկ օրուան ընթացքին անոնց թիւն աւելցած է 1100-ով: Սակայն մահացութեան ցուցանիշը դեռ ամենացածն է ամբողջ աշխարհի մէջ. հիւանդութեան հետեւանքով դեռ մահացած է 14 մարդ: