Յառաջիկայ օրերուն Տէր Զօրը ամբողջութեամբ պիտի անցնի Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ: Այս մասին յայտնած են սուրիական թղթածրարին հետեւող աղբիւրներ, նշելով, որ սա Տէր Զօրի ամբողջական ազատագրման եւ Մայատին ու ապա Սուրիա-իրաքեան սահմանին գտնուուղ Պուքամալ քաղաք հասնելու՝ վերջին փուլին նախորդող հանդարտութիւնն է:
Սուրիոյ բանակը եւ դաշնակիցները կը շարունակեն ապահովել պատերազմի անհրաժեշտ սարքաւորումներ, մինչ լրատուական գործակալութիւն մը հաստատած է, որ 800 զինեալ իրենց առաջնորդներուն հետ Իտլիպի մէջ անցած են սուրիական բանակի շարքերը եւ նոյն քանակութեամբ զինեալներ եւս պիտի միանան յառաջիկայ օրերուն: