Ամերիկացի սենաթոր Պըռնի Սանտըրզը, որ ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ Ճո Պայտընի միակ մրցակիցն էր Դեմոկրատական կուսակցութեան միանձնեայ թեկնածուն ըլլալու համար, դուրս եկած է նախագահական պայքարէն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Ռիա Նովոսթի»-ն, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է քաղաքական գործիչի շտապը՝ յատնելով, որ ան կ'աւարտէ մասնակցութիւնը նախընտրական քարոզարշաւին:
«Սենաթոր Պըռնի Սանտըրզն իր աշխատակիցներուն յայտնած է, որ կը դադրեցնէ քարոզարշաւը նախագահի պաշտօնի համար պայքարին մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: