image

Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Պիտի Վերաբացուի. Դաշնակցութիւնը Վերապահ է

Պուրճ Համուտի  Աղբանոցը Պիտի  Վերաբացուի. Դաշնակցութիւնը  Վերապահ է

   Լիբանանի  կառավարութիւնը    երէկ  երեկոյ  իր կայացուցած   նիստի աւարտին    որոշեց  վերաբանալ   Պուրճ Համուտի  եւ  Ալ Նահմէ  շրջանի   աղբանոցները, չորս  տարուան      փուլի   մը  համար:       Նշենք, որ  17 Յուլիս 2015-էն սկսեալ     Ալ Նահմէ   շրջանի աղբանոցի փակումը  եւ «Սուքլին»  աղբահանող ընկերութեան     պայմանագրի   աւարտը    պատճառ  դարձած էին, որ աղբահանութեան հարցը    երկրին մէջ  կենսոլորտային     լուրջ  տագնապի վերածուի բան մը, որ  քաղաքացիական  բողոքի  լայն   ալիքի պատճառ եղած էր: Նշենք, որ  Պուրճ  Համուտի աղբանոցը, որ  տարի  30 գործելէ եւ շրջանի  բնակչութեան    համար      տարբեր    առումներով     պատուհաս մը դառնալէ ետք      շրջանի     հայկական պատասխանատու   մարմիններու  կողմէ եղած     մեծ  ճնշումներու    արդիւնքով  փակուած էր   1996-ին:     Ըստ    Էլ.  Պի. Սի  Այ. Կայանին  Դաշնակցութիւնը  իր     վերապահութիւնը   յայտնած է    կառավարութեան  Պուրճ Համուտի աղբանոցը վերաբանալու մասին,  առարկելով, որ          կառավարութեան կողմէ  երէկ հրապարկուած ծրագիրը   չի  համապատասխաներ   այն ծրագրին, որ քննարկման դրուած էր նախքան  կառավարական       որոշումին  հրապարակուիլը: Կայանը նաեւ ըսած է, որ Դաշնակցութեան  համար   կառավարութեան   որոշման հիմամբ      Պուրճ Համուտի աղբանոցին այս  ձեւով բացուիլը    չի յարգեր շրջանի քաղաքացիներուն առողջապահական ընդհանուր պայմանները:  Նշենք,  որ          ՀՅԴ  Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ  երեսփոխան Յակոբ   Բագրատունի աւելի   վաղ      խօսելով   տեղական լրատուական  ծառայութեան մը  ըսած էր,  թէ Պուրճ Համուտի աղբանոցը հասնող աղբերը պէտք է տեսակաւորուած ըլլան, պայմանաւ որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իրաւունք ունենայ այդ աշխատանքին հոլովոյթին հսկելու։ «Մեզի համար առողջապահութիւնը եւ լուծման մասնակից դառնալը կարեւոր են»  ըսած էր  ան, մաղթելով, որ կառավարութիւնը կը վաւերացնէ այն լուծումը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, «իսկ 4 տարի ետք աղբանոցները կը փակուին, եւ այդ պարագային միայն աղբերու մշակումը կը սկսի»: Տեղին կը  համարենք  յիշել, որ քաղաքացիական  խմբաւորումներու  աքթիւիսլները մերժելով կառավարութեան  որոշումը երէկ   բողոքի երթեր կատարեցին մայրաքաղաքի  կեդրոնական  շրջանին մէջ  եւ անոնց մօտիկ  աղբիւրներ յայտարարած են, որ   յառաջիկայ  երկուշաբթի օր  պիտի շարունակեն  իրենց  բողոքի երթերը:     Վարչապետ Թամմամ  Սալամի  կառավարութիւնը  այսօր  եւս  արտակարգ  նիստ մը  գումարելով     պիտի քննարկէ, երէկ  հրապարակուած    որոշման   գործադրութեան   միջոցները: