image

Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակէ մնալ անորոշ

Պոլսոյ  Պատրիարքի ընտրութեան հարցը  կը  շարունակէ մնալ  անորոշ

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակէ մնալ անորոշ: Թուրքիոյ պատկան մարմինները կարծես չեն շտապեր հաստատել նոր պատրիարքի ընտրութիւններու կայացման օրը:

Օգոստոսի սկիզբը պատրիարքական ընտրութիւնները նախաձեռնող խումբը դիմած էր Պոլսոյ նահանգապետարան, առաջարկելով նոր պատրիարքն ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնն իրականացնել 10 Դեկտեմբերին, իսկ պատրիարքի ընտրութիւնները՝ 13 Դեկտեմբերին:

Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, մինչեւ օրս չէ արձագանգած այս դիմումին, հակառակ անոր, որ կ'ակնկալէր, թէ պատասխանը պէտք է տրուէր մինչեւ 9 Հոկտեմբեր: «Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ, անցեալ շաբաթ պատրիարքարանին մէջ տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի, պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը համակարգող Նախաձեռնարկ մարմնի  խումբի խօսնակ Սեպուհ Ասլանկիլի մասնակցութեամբ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Ասլանկիլ պարզաբանած է, որ դիմումի պատասխանին հաւանաբար եւս երկու ամիս պիտի սպասեն, իսկ մինչ այդ պիտի շարունակեն նախապատրաստական աշխատանքները:

Աւելի վաղ, տեղապահ Պվճճեան «Ակօս»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած էր, որ Նախաձեռնարկ  մարմինը արդէն նամակներ ուղարկած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի Աթոռին հաւակնելու իրաւունք ունեցեղ 11 հոգեւորականներուն: Անդրադառնալով համայնքին մէջ առկայ մտավախութիւններուն, թէ թրքական իշխանութիւնները կը ձգձգեն պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը, Պէքճեան համոզմունք յայտնած է, որ երբ ալ ըլլայ, ընտրութիւններն անպայման պիտի կայանան:

Մինչ համայնքին մէջ կը սպասեն, թէ թրքական իշխանութիւնները երբ կանաչ լոյս պիտի վառեն պատրիարքական ընտրութիւններն իրականացնելու համար, խնդիրին շուրջ ներհամայնքային կիրքերը կը թէժանան: «Պետութիւնը կը լռէ, Շիրինօղլու կը խօսի», - այսպիսի խորագիրով լոյս տեսած է «Ակօս» պարբերականի այս շաբթուան թիւը, ուր անդրադարձ կայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին շուրջ առաջացած հակասութիւններուն: