Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) 48 Ժամ առաջ առեւանգուած թուրք 3 լրագրողները այսօր ազատ արձակուած են: Աղբիւրը կը նշէ, որ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան 3 աշխատակիցները հասած էին Մարտինի Նուսայպին շրջան՝ լրագրողական աշխատանք կատարելու համար: Անոնք առեւանգուած ու տարուած են գաղտնի վայր մը ու այսօր ազատ արձակուած են: Լրագրողները խօսելով թրքական ԶԼՄ-ներուն ըսած են, որ իրենք վստահ են, թէ ձերբակալուած են քրտական PKK-ին զինեալներուն կողմէ: