image

Փութին-Ասատ հանդիպման երկու գլխաւոր պատճառները

Փութին-Ասատ հանդիպման երկու գլխաւոր պատճառները

«The Monitor» կայքի ռուսական հարցերու մասնագէտ Մաքսիմ Սոխով հաստատած է, որ Ասատի Սոչի կատարած այցի, որ 4 ժամ տեւեց եւ որուն ընթացքին հանդիպում ունեցաւ նախագահ Փութինի հետ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Սուրիոյ մէջ 6 տարիներէ ի վեր ընթացող պատերազմին համար, եւ կ'ապացուցէ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւններն իրենց աւարտին մօտեցած են, որուն պատճառով ալ Ռուսիա պիտի ստիպուի այլ միջոցներու դիմել, Սուրիոյ մէջ իր գոյութիւնն ու իշխանութիւնը շարունակելու համար:

«Եռակողմ համագումարի նախօրէին Ասատ կ'այցելէ Ռուսիա» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ Սոխով նշած է, որ Փութին ցանկացած է, որ Ասատ այցելէ Սոչի, որ Ռուսիոյ նախագահի ձմեռնային օրերն անցնելու ամենահաճելի վայրն է, նպատակ ունենալով անոր հետ քննարկել Ռուսիոյ կողմէ արծարծուած շարք մը խնդիրներու վերաբերել յառաջիկայ քայլերը, եւ մանաւանդ Սոչիի մէջ կայանալիք եռակողմ համագումարի մանրամասները:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Փութին մեծապէս կը գիտակցի այն վտանգները, որոնք կրնան առաջ գալ, եթէ Ասատ համագործակցութիւն չցուցաբերէ քաղաքական անցման շրջանին հետ կապուած համաձայնութեան կնքման պարագային: Միւս կողմէ քաջատեղեակ է նաեւ, որ Ասատ կարողութիւն ունի Ռուսիոյ յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները խանգարել, եւ այդ իսկ պատճառներով անհրաժեշտ համարեց դէմ առ դէմ հանդիպիլ Ասատի հետ: