image

Փրոֆ. Կարապետ Մոմճեան Պարգեւատրուեցաւ Ռուսական Հիմնարկի Մը Կողմէ

Փրոֆ. Կարապետ  Մոմճեան  Պարգեւատրուեցաւ Ռուսական Հիմնարկի Մը Կողմէ

 Հայաստան-   Հայաստանի    ազգային ակադեմիայի    արեւեալագիտութեան  հիմնարկին  կազմակերպած  «Հայոց Ցեղասպանութիւն- 100. Ճանաչումէն Հատուցում» միջազգային գիտաժողովին  մասնակցութիւն բերող  Փրոֆ.  Կարապետ  Մոմճեան     պարգեւատրուեցաւ    «Հայոց ցեղասպանութեան      100-րդ   տարելիցի  ռուսական հիմնարկ»ին կողմէ:   Նշենք, որ    Լոս Անճըլս բնակող  Մոմճեան  նոյն   գիտաժողովին    ընթացքին    Արեւմտահայաստանի մէջ  հայկական    ինչքերու եւ իրաւական  պահանջներու թեմայով  զեկոյցով մը  հանդէս եկած էր:  Մեր հայրենակիցը  հեղինակ   է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ  անոր  անունը ծանօթ է   հայրենի եւ սփիւռքեան ակադեմական լայն շրջանակներուն: