image

Փեսքովի պատասխանը Անգարային՝ «Մենք օրինական ենք»

Փեսքովի պատասխանը Անգարային՝ «Մենք օրինական ենք»

Ռուսաստանը միակ երկիրն է, որուն զինծառայողները օրինական հիմքերով կը գտնուին Սիրիա, յիշեցուցած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան նախօրէին կոչ ըրած էր Վլատիմիր Փութինին Անգարային «դէմ առ դէմ» ձգելու սուրիական իշխանութիւններու հետ, կը յայտնէ ՌԻԱ Նովոսթին։

Փեսքով նշած է, որ Ռուսաստանը տարածաշրջանին մէջ կը գործէ սուրիական օրինական իշխանութիւններու խնդրանքով:

«Միւս երկիրներու մնացած բոլոր զինուորականները Սուրիոյ մէջ հակասութիւններու մէջ են միջազգային չափանիշերու եւ սկզբունքներու հետ»,- ըսած է ան։

Ան յայտնած է, որ Վլատիմիր Փութինը եւ Թայէպ Էրտողանը Մոսկուայի մէջ հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկեն, թէ ինչպէս կը կատարուին Սուրիոյ հարցով Սոչիի պայմանաւորուածութիւնները։

Անոր խօսքերով՝ Փութինի եւ Էրտողանի հանդիպումը Մոսկուայի մէջ հեշտ պիտի չըլլայ, սակայն առաջնորդները կողմնորոշուած են դէպի Իտլիպի մէջ իրավիճակի կարգաւորումը։