Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Պէյրութի նաւահանգիստը տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով աւելի քան 60 մարդ անյայտ կորած կը համարուի: Վարչութեան ներկայացուցիչը այս մասին յայտնած է շաբաթ օր Agence France-Presse-ին:
«Մահուան դէպքերուն թիւը հասած են 154-ի, անոնց կարգին` 25 մարդ, որոնց ինքնութիւնը դեռ չէ պարզուած: Բացի այդ, աւելի քան 60 մարդ դեռ անյայտ կորած կը համարուի»,- գործակալութիւնը մեջբերած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչէն, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:
4 Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պահեստանոցը հզօր պայթում որոտացած էր: Պայթումի հետեւանքով վնասուած են տասնեակ տուներ, աւելի քան 300 հազար մարդ մնացած է անօթեւան: Առնուազն 154 մարդ մահացած է եւ վիրաւորուած է մօտ 5 հազար մարդ: Լիբանանի Ներքին Գործոց Նախարարի տուեալներով` ողբերգութեան պատճառը 2.7 հազար թոն ամոնիոմ նէյթրաթի բռնկումը եղած է եռակցման աշխատանքներու ընթացքին, որ վեց տարի առաջ առգրաւուած էր մաքսային ծառայութիւններու կողմէն: