image

Պէյրութի մէջ. Բուժքոյրը յաջողած է փրկել 3 նորածին

Պէյրութի մէջ. Բուժքոյրը յաջողած է փրկել 3 նորածին

Պէյրութի մէջ բուժքոյր մը աւերուած հիւանդանոցի փլատակներէն կրցած է փրկել 3 նորածին։ Այդ մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Էլ. Պի Սի Այ.» կայանը:

Հրապարակուած լուսանկարին մէջ բուժքոյրը նորածիններուն գրկած կը փորձէ հիւանդանոցի հեռախօսով օգնութիւն խնդրել, քանի որ պայթումէն ետք քաղաքին մէջ բջիջային կապն ու ելեկտրականութիւնը անջատուած եղած են։

Ան պատմած է, որ պայթումի պահին ծննդաբերական բաժանմունքը եղած է եւ կորսնցուցած է գիտակցութիւնը։ Այնուհետեւ ուշքի եկած է եւ երեխաները դուրս բերած։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նշեալ՝ «Ալ-Ռում» հիւանդանոցին մէջ պայթումէն 12 հիւանդ մահացած է, 4 բուժքոյր եւ 2 այցելու։