image

Պէյրութի հայկական շրջանները խաղաղ են ու ապահով. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Պէյրութի հայկական  շրջանները   խաղաղ են ու  ապահով.  Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Այսօր Պէյրութի մէջ  ընթացող  բողոքի   ցոյցերը   տակաւին կը շարունակուին,   հակառակ  անոր, որ     ապահովական   մարմիններ  յաջողած են վերաբանալ  դէպի  Պէյրութ  տանող  գլխաւոր ճանապարհները,  շուրջ  երկու հազար  ցուցարարներ կը շարունակեն գտնուիլ  փողոցներուն  մէջ։ 

Նոյն առումով եւ ըստ   «Արեւելք»ի  Պէյրութի  աղբիւրին,      հայահոծ  շրջանները եւ  մասնաւորապէս  Պուրճ Համուտ  հայաւանը   բնականոն հունի մէջ են,  եւ   հայկական թաղամասերուն մէջ որեւէ արտառոց   դէպք չէ գրանցուած։

Լրատուութեան     կից ներկայացուած  լուսանկարները առնուած են  այսօր      հայութեան  կեդրոն  համարուող  Արաքս     պողոտայէն։

 

Լիբանանահայութեան կարեւոր մէկ մասը   այսօր  երեկոյեան    ներկայ պիտի  ըլլայ  Լիբանանի  Դաշնակացական ընտանիքին   կազմակերպած  «Միշտ միասին»   երգահանդէս-համերգին, որուն ի շարս   խումբ մը երգիչներուն  նոյնպէս ելոյթ պիտի ունենայ       ազգային-յեղափոխական  երգերու  յայտնի  մեկնաբան՝  Գառնիկ Սարգիսեան։ 


 


Arevelk.am-ի լուսանկարը:


Arevelk.am-ի լուսանկարը: