image

Պէտք է միշտ համերաշխ ըլլանք, որովհետեւ յարատեւ յաղթանակը միասնական ուժին մէջ է. Հայրենադարձ ուսանող Շանթ Փալազեան

Պէտք է միշտ համերաշխ ըլլանք, որովհետեւ յարատեւ յաղթանակը միասնական ուժին մէջ է. Հայրենադարձ  ուսանող Շանթ Փալազեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ   երիտասարդ Շանթ Փալազեանը, որ ուսման  նպատակով ներկայիս  հաստատուած  Երեւան.

 


-Ի՞նչ էր գլխաւոր պատճառը, որ որոշեցիր Պէյրութէն հեռանալ եւ Հայաստան հաստատուիլ, անշուշտ նաեւ ուսանիլ:


Կարելի է ըսել որ Հայաստան հաստատուիլս եւ այստեղ ուսումս շարունակելը մէկ պատճառ չունէր: Հայ մշակոյթով մեծնալով եւ հայոց պատմութիւնը սորվելով, միշտ երազած ենք հայրենիքի մասին, կրնամ ըսել, որ հայրենիք տեսնելը երազանք դարձած էր մեզի համար մինչեւ անցեալ տարի:  Իսկ տեսնելով   Հայաստանի   այսօրուան վիճակը եւ  այն  բաղդատելով  Լիբանանի դժուարութիւններուն հետ,   հասայ  այն եզրակացութեան, որ   ճիշդ  քայլ պիտի ըլլայ վայրկեան  առաջ Երեւան փոխադրուիլ։ Երեւանի մէջ նկատեցի զանազան տեսակի դիւրութիւններ, որոնց ամէնէն   հիմնականը  նիւթական  եւ ընկերային  ապահովութիւնն էր։  

 

-Այսօր եթէ գնահատելու ըլլաս Հայաստան գալու որոշումդ, ինչպէ՞ս կը նկարագրես այն, ճի՞շդ էր, թէ  սխալ է՞ր այդ որոշումդ։


Հայաստան ուսանելու եւ հաստատուելու որոշումս կրնամ գնահատել տասի վրայ տասը...։  Հիմնականն  անշուշտ իմ  նախասիրած  նիւթս  ուսանելու  բախտորոշ առիթն էր  ու կրնամ ըսել, որ  Հայաստանը  բաւական բարձր դիրքի վրայ է եւ արդէն իսկ զարգացման փուլի մը  մէջ։ Դժուարութիւններ անպայման կան, բարեբախտաբար այդքան ալ շատ չեն, միակ խնդիրը սակայն ընտանիքէ հեռու ապրիլն է:


-Ինչպէ՞ս է շփումդ միջավայրիդ հետ՝ հայաստանցի դասընկերներ, դասընկերուհիներ, դասախօսական կազմ: Ինչպէ՞ս կը գնահատես վիճակը, բնականոն հունին մէջ է յարաբերութիւնը. ի՞նչ օրինակներ կրնաս տալ:


Տեղացի հայերուն հետ շփումի մասին կրնամ ըսել, որ տակաւին խնդիրներ չկան, բոլոր դասախօսները լաւ  կը վարուին  սփիւռքէն   եկած  ուսանողներուն հետ: Պարզ է որ քիչ մը զատողութիւն պիտի ըլլայ, բնական է, բայց ընդհանրապէս մեծ  հարցեր չկան:


-Սփիւռքահայ եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը, մեծ յոյսերով Հայաստան կու գայ, դուն կը կիսե՞ս այդ յոյսերը:  Ճի՞շդ է յոյսեր կապել Հայաստանին հետ. Արդեօք սփիւռքահայ  ուսանողները  Հայաստան  փոխադրուելով  ճիշդ որոշում կ'առնե՞ն


Յոյսերը շատ են եւ իմ կարծիքով զղջալու առիթ չկայ, որովհետեւ Հայաստանին շատ մեծ ապագայ կը սպասէ...։ Վերջ ի վերջոյ Հայաստանը մեր հայրենիքն է եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք անոր: Անշուշտ կը քաջալերեմ, որ երիտասարդութիւնը հոս գայ, հոս ուսանի եւ հոս աշխատի: Կրնայ ըլլալ, որ կարգ մը մարդիկ ուրիշ տեսակէտէ նայելով չհամոզուին տարբեր պատճառներով, բայց իմ կարծիքով երբեք սխալ որոշում չէ, որովհետեւ եթէ մարդ աշխատի իր նպատակին հասնելու համար, պիտի հասնի ուր որ ալ ըլլայ, ուրեմն ինչու ոչ Հայաստանի մէջ:  

-Քո   կարծիքովդ   հայ երիտասրդութեան   համար , ինչ պէտք է  ըլլայ  այսօրուան   հիմնական  օրակարգը եւ  նպատակը։ Երբեւէ մտածա՞ծ  ես այդ մասին։  


Ըլլայ Հայաստանի կամ սփիւռքի կամ Արցախի հայերուն միակ նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանի   զարգացումն ու տնտեսական   հզօրացումը: Մենք ենք, որ մեր երկիրը պիտի պահենք, զարգացնենք: Պէտք է միշտ համերաշխ ըլլանք, որովհետեւ յարատեւ յաղթանակը միասնական ուժին մէջ է: Եթէ Հայաստանի, սփիւռքի կամ Արցախի հայերը, իրար դէմ լարուածութիւն ունենան, արդէն իսկ այդ մէկը  դէպի անկումի ճամբայ  կ՚առաջնորդէ։  Պէտք է միշտ բարձրանանք եւ բարձրացնենք:

-Երբ ուսումդ աւարտես եւ   Հայաստանի մէջ գործելու հնարաւորութիւններ  հնարաւորութիւններ ունենաս, արդեօք  այստեղ   կը հաստատուի կամ կը նախընտրես այլ երկիր   ապրիլ։


Չեմ կրնար յստակ որոշում տալ այս գծով, որովհետեւ գործը բախտ է, եւ բախտ կորսնցնելը խելացի գործ չէ: Անշուշտ կը նախընտրեմ Հայաստան ապրիլ եւ հոս աշխատիլ, եթէ պիտի կարողանամ  այդ  դիրքն    ունենալ, որուն կը կարծեմ որ արժանի եմ .... Բայց կեանքը երբեմն կը ստիպէ զոհել կարգ մը բաներ, որպէսզի կարենաս  տեղ հասնիլ, ինչպէս որ հիմա մենք մեր ընտանիքներէ հեռու ենք, որպէսզի կարողանանք  ուսանիլ մեր նախասիրած  ճիւղը: Հետեւաբար այս մէկը մեր որոշումէն կախեալ չէ միայն,  այլ  կան  բազմաթիւ     գործօններ, որոնց ամենակարեւորներէն  է  ժամանակն ու տուեալ ժամանակի պայմանները։