image

Պայթում Փարիզի մէջ. Կայ մէկ ծանր վիրաւոր

Պայթում Փարիզի մէջ. Կայ մէկ ծանր վիրաւոր

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Նուազի լէ Կրան թաղամասը գտնուող առեւտրային կէտերէն մէկուն մէջ մեծ պայթում տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով մէկ հոգի ծանրօրէն վիրաւորուած է: Այս մասին կը հաղորդէ leparisien.fr-ը, նշելով, որ դէպքը տեղի ունեցած էր Փարիզի ժամանակով ժամը 22:00-ին: Պայթումի ուժգնութենէն ցնցուած են թաղամասի տուները:

Ներկայիս պատասխանատու մարմիններ կը փորձեն բացայայտել պայթումի պատճառը:

Հրշէջի բաժնի ղեկավար Կիւոմ Ֆրէսը դէպքի մասին խօսելով, յայտնած է, որ Պայթումին յաջորդած է հրդեհ: Ըստ նախնական տուեալներու՝ տուժածներէն մէկը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է եւ 4 մարդ թեթեւ վնասուածքներ ստացած են: