image

Պայթուցիկ Տակառներ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Թաղին Մօտ

Պայթուցիկ  Տակառներ  Հալէպի  Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Թաղին  Մօտ

Սուրիա: Հալէպի «Նոր Գիւղ» շրջանին ուղղութեամբ   պայթուցիկ տակառներ ինկած են`   պատճառելով նիւթական ծանր   վնասներ: Այս մասին   իմացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն:  Մեր  աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրթիռները ինկած են  Նոր Գիւղ  («Հայ Ալ Միտան»)  շրջանի ջուրի    ընկերութեան շէնքին  մօտ: Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ  ճեմարանը:  Ինկած  տակառներուն  հետեւանքով  զոհեր կամ վիրաւորներ բարեբախտաբար  չկան, եւ վնասները   սոսկ նիւթական  են: