Վեց տարուան հակամարտութիւնէ ետք ակներեւ դարձաւ, թէ որ կողմը ռազմական առաւելութիւն կ'արձանագրէ Սուրիոյ մէջ: Հաշուի առնելով Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ սուրիական բանակի առաջխաղացումը, բանակը կրցաւ ազատագրել ամբողջ տարածքը, եւ մօտաւորապէս 6 հազար իսլամիստներ լքեցին իրենց դիրքերը եւ հեռացան դէպի Իտլիպ:
Ի՞նչ էր այս յաղթանակի պատճառը: Անցնող ամիսներուն Ռուսիոյ օդային զինուժը հարուածներ կը հասցնէր իսլամիստներու կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ զէնքի ու զինամթերքի պահեստներու ուղղութեամբ, հնարաւորութիւն տալով սուրիական բանակին՝ շրջափակելու տարածքը եւ փակելու արեւելեան Հալէպի անցակէտերը: Այս մէկը, իսլամիստները զրկեց բոլոր տեսակի օգնութիւններէն: Անոնք նոյնիսկ զրկուած էին սնունդ ներկրելէ: Հալէպը բաժնուած էր արեւելեան եւ արեւմտեան մասերու. մէկ մասը՝ իսլամիստներն էին, իսկ միւսը՝ սիւննիները, հայերը, քրիստոնեաները եւ քիւրտերը, որոնք կը սատարէին Ասատին: Իսկ վերջերս շարք մը վերլուծաբաններ ընդգծած էին, որ մարտերուն պիտի յաղթէ այն կողմը, որ իր հսկողութեան տակ կը վերցնէ Հալէպը ՝ իր ամբողջութեամբ: Խնդիրը աւելի լաւ ընկալելու համար հարկ կը համարեմ քիչ մը ընդարձակուիլ եւ փակագիծերը բանալ: Այս պատերազմի հիմնական խնդիրը ոչ միայն նաւթային ուղիները հսկելն է, այլեւ «իսլամական վերածնունդ»ի ի յայտ գալը, որ սրուեցաւ 2003 թուականին Ամերիկայի ներխուժումէն յետոյ, երբ սրուեցան սիւննի-շիիթ ներիսլամական յարաբերութիւնները: Սուրիան վերածուեցաւ այս երկու կողմերու համար պայքար մղող թատերաբեմի. մէկ կողմէն Սէուտական Արաբիան, միւս կողմէ՝ Իրաքը: Այսպիսով, սուրիական բանակին օգնելու հասաւ Իրանը` իր ջոկատայիններով եւ Լիբանանի շիիթ «Հըզպալլա» ռազմական խմբաւորման ռազմական թեւով: Իսկ հակառակ կողմը աշխարհի տարբեր երկիրներէն եկած ճիհատականներն էին ու տեղացիները, որոնք նպատակ ունէին «մաքրել» Սուրիան շիիթներէն եւ ալէւիներէն` հիմնադրելով իսլամական պետութիւն: Սցենարը շատ նման է 1980-ականներուն սովետներու դէմ մղուած աֆղանական պատերազմին, երբ ԱՄՆ-ը ծնաւ եւ օժանդակեց սիւննի իսլամիստներուն (արաբ աֆղաններուն)՝ զինուելու եւ պայքարելու, իրենց համար «անհաւատ» համարուած Սովետական Միութեան դէմ: Պըն Լատէն երեւոյթը քաղաքականութեան մէջ ծնաւ այդ աֆղանական պատերազմին ընթացքին եւ նոյն ձեւով այսօր տարածաշրջանին մէջ ի յայտ եկաւ Ալ Պաղտատին, որ կը համարուի «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) խալիֆ՝ առաջնորդ: Պէտք է նշել, որ Սէուտական Արաբիան իր հսկայ նաւթային տոլարներով ձեռնամուխ եղաւ տարածել իսլամի իր տարբերակը (ուահապիզմ) մնացած բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ` անկախ այն հանգամանքէն, որ Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Իրաք կը վայելեն աշխարհիկ պետութեան բերկրանքները, եւ անոնց ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը յոժար չ'ըլլար գոյատեւել երկրի մը մէջ, ուր գողութեան համար ոչ թէ կը բանտարկեն, այլ սուրով կը կտրեն ձեռքը, կամ կանանց քարկոծելով կ'ուղարկեն անդի աշխարհ, երբ կինը արտաամսունական յարաբերութիւն ունենայ կամ նոյնիսկ յարաբերութիւն մը կատարած ըլլայ նախքան ամուսնանալը: Թուրքիա նոյնպէս կողմ է այս պատերազմին եւ անոր պատճառով է, որ Սուրիոյ 400 քմ սահմանին ան թոյլ տուաւ իսլամիստներուն դէպի Սուրիա զէնք ու զինամթերք մտցնել: Այդ իսկ պատճառով Հալէպը յայտնուեցաւ քայքայման եզրին: Սակայն Թուրքիա նոյնպէս ունի իր սեփական շահերը՝ տարածելու իսլամիզմը իբր ժողովրդավարութիւն, սակայն ան կորսնցուց այդ հնարաւորութիւնը, երբ նոյնինքն՝ Էրտողան, որդեգրեց բռնապետական դիրք իր երկրին մէջ` բանտարկելով հազարէն աւելի մտաւորականներ եւ դասախօսներ: Միւս ճամբարի հիմնական դերակատարներն են Իրանն ու Ռուսիան: Վերը նշուեցաւ, թէ Իրան ինչ կը հետապնդէ, ըլլալով շիիթ աշխարհի առաջատարը: Իսկ Ռուսիա Սուրիոյ հարցով չէր կրնար ըլլալ դիտորդի կարգավիճակի մէջ, երբ անոնց յարաբերութիւնները բարեկամական եղած են 1970 թուականէն, այսինքն՝ հայր Ասատի նախագահութեան օրերէն ի վեր: Սուրիոյ մէջ Ռուսիա ունի ռազմակայան Լաթաքիա ծովափնեայ քաղաքին մէջ, իսկ Սուրիա՝ Ռուսիոյ միակ դաշնակիցն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Կորսնցնելով Սուրիան, Ռուսիա կը կորսնցնէր ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը: Աւելին, ԱՄՆ-ն անհանդուրժողական քաղաքականութիւն կը վարէ այն երկիրներու հանդէպ, որոնք հիմնադրած են BRICS-ը եւ ամէեն գնով կը պայքարի, որ աշխարհի կառավարումը մնայ իր ձեռքը եւ չ'ըլլայ երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ համակարգ, որուն կողմ են Ռուսիան ու Չինաստանը: Գալով բուն հարցին, պէտք է նշել, որ Սուրիոյ խուլ հատուածներուն մէջ ժողովուրդի մեծ մասը թերուս է եւ այդպիսիններուն շատ հեշտ է ոգեւորել իսլամի անուան տակ, որ խորքին մէջ կրօնի հետ ընդհանրապէս կապ չունի: Խօսքս յստակեցնելու համար պէտք է ամրագրաել այն փաստով, որ այս մարդիկ ունակ չեն կարդալու Իսլամի Սուրբ Գիրքը ՝ Ղուրանը, եւ այդ իսկ պատճառով անոնք կը հաւատան իմամներու խօսքերուն: Իմամի խօսքը՝ օրէնք է, եւ այսպիսով, իսլամիստները կրցան տարածուիլ գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ` ներկայանալով իբր զինեալ նուիրեալներ-ֆետայիներ, որոնք եկած են փրկելու զիրենք ՝ անհաւատներէն: Ի դէպ, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս տեղի ունեցած են այսպիսի դէպքեր, երբ իմամները յորդորած են սպաննել անհաւատները (կէաւուրները), որպէսզի դրախտի արժանանան: Աւելին, հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր ընդդիմադիր ուժերը չհասկցան մէկ կարեւորագոյն փաստ, իսկ այդ փաստն այն է, որ Սուրիոյ ժողովուրդի մեծ մասը ընդունած է Ասատը, հակառակ անոր ոչ ժողովրդավարական կառավարման: Իր նախագահութեան ընթացքին Ասատ իրականացուց տեսանելի բարեփոխումներ (տնտեսական, ֆինանսական, կրթական, մշակութային եւայլն), իսկ երկիրը չունի արտաքին պարտք: Այնուամենայնիւ, բոլոր կողմերը հասկցան, թէ միակուսակցական համակարգը չարիք է այն երկիրներուն համար, որոնք կը ցանկան վերելք ապրիլ: Սուրիան այս վիճակին մէջ չէր յայտնուեր, եթէ Ազգային ժողովին մէջ գործէր բազմակուսակցական համակարգ մը: Ընդդիմութիւնն ու կողմերը միասնաբար կը լծուէին երկիրը փրկելու գործին եւ կը կանխէին իսլամիստներու մեծ հոսքը Սուրիա: Եւ վերջապէս, ի հարկ է, ուրախանալու առիթ կու տայ Հալէպի ազատագրումը: Այսպիսով, ռումբեր չկան հայաբնակ շրջաններուն դէմ, սակայն ճիհատականները յայտնած են, թէ ամէն ինչ աւարտած չէ, եւ անոնք կը պատրաստուին ահաբեկչական արարքներու (suicide bombing): Տարածաշրջանը չի հանդարտիր, քանի դեռ թշնամանքը չէ վերացած դրացի երկիրներուն միջեւ: Սխալ կ'ըլլայ հրճուիլ: Ընդունելով այն փաստը, որ նոյն օրը ճիհատականները կրկին գրաւեցին Իտլիպը, ուր կը գտնուին Հալէպէն փախչած ճիհատականները եւ այսպիսով հասկցընել տուին, թէ պատերազմը դեռ չէ աւարտած: Թէ ինչով կ'աւարտի այս ամէնը` ցոյց կու տայ ժամանակը:
Արարատ Կոստանեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ՝ «Արեւելք»ը