image
Հրատապ լուրեր:

Պապը մտահոգ է Սուրիոյ վիճակով. Ան նամակ յղած է նախագահ Ասատին

Պապը մտահոգ է Սուրիոյ վիճակով. Ան նամակ յղած է նախագահ Ասատին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը նամակ յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատին, ուր  ցուցաբերած է իր խոր մտահոգութիւնը  երկրի մարդասիրական իրավիճակի կապակցութեամբ: Այս մասին հաղորդած է ria.ru-ն՝ վկայակոչելով Մայր Աթոռի մամուլի քարտուղար Մաթիօ Պրունիի հաղորդագրութիւնը:

«Ասատին ուղղուած նամակին մէջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապը յայտնած է  իր խոր մտահոգութիւնը Սուրիոյ մարդասիրական  իրավիճակի առնչութեամբ՝ յատուկ նշելով Իտլիպի քաղաքացիական բնակչութեան ծայրայեղ պայմանները»,- յայտարարած է Պրունին:

Խօսելով Հռոմի Պապի՝ Ասատին յղած ուղերձի մասին՝ Վատիկանի պետքարտուղար, կարտինալ Փիետրօ Պարոլինն ընդգծած է, որ քահանայապետը տագնապով եւ ցաւով կը հետեւի Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, որոնք ողբերգական հետեւանքներ կը ձգեն ողջ քաղաքացիական բնակչութեան եւ մասնաւորապէս երեխաներու վրայ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Ֆրանչիսկոս պապն իր նամակով կրկին կոչ ուղղած է պաշտպանելու քաղաքացիներու կեանքը եւ պահպանելու դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ բժշկական հաստատութիւններու աշխատանքը:

«Այն, ինչ որ տեղի կ'ունենայ, իսկապէս անմարդկային է, որուն կարելի չէ համաձայնիլ։ Սուրբ հայրը նախագահէն խնդրած է, որ հնարաւոր ամէն ինչ ի գործ դնէ, դադրեցնելու այդ մարդկային  աղէտը եւ պաշտպանելու անզէն բնակչութիւնը»: