Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն անքակտելի է, Արցախի միջազգային ճանաչումը չունի այլընտրանք։
Մեզի համար Արցախն ու Արցախի անվտանգութիւնը շատ կարեւոր տեղ կը զբաղցնեն, Արցախեան խնդիրը մեր կուսակցութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ մենք «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան հետ հանդիպման մեծ կարեւորութիւն կու տանք։ Այս մասին Սամուէ Պապայեանի գլխաւորած «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներու հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Արթուր Վանեցեանը:
«Դուք այն մարդոցմէ մէկն էք, որ անցնելով հերոսական ուղի, պարտադրեր են թշնամիին խաղաղութիւն եւ այդ տեղի ունեցած է ձեր անմիջական մասնակցութեամբ։ 1994 թ․ հրադադարի պահէն մենք ունինք ազատագրուած Արցախ, ունինք մեր մեծ հայրենիքի ազատագրուած հատուածներ, եւ այսօր մեր խնդիրն է պահել անվտանգ այդ տարածքները, պահել մեր վերահսկողութեան ներքոյ։ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը սկսի Արցախէն եւ եթէ մենք Արցախի մէջ ունենանք որեւէ անվտանգային խնդիր՝ այն անմիջական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի վրայ։ Հաշուի առնելով ձեր անցած ճանապարհն ու փորձը, վստահ ենք, որ ձեր ջանքերն ուղղուած պիտի ըլլան մեր մեծ հայրենիքի անվանգութեան ապահովման», ըսած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահը։
Ողջունելով հայաստանեան գործընկերներու այցը Արցախ՝ Սամուէլ Պապայեանը կարեւորած է հայկական երկու հանրապետութիւններու քաղաքական ուժերու միջեւ առողջ համագործակցութիւնը. «Ձեւի եւ բովանդակութեան միջեւ ընտրութիւնը պիտի կանգ առնէ բովանդակութեան վրայ: Անկախ քաղաքական ուժի՝ ներքին քաղաքականութեան վերաբերեալ պատկերացումներէն, արտաքին քաղաքական ճակատին վրայ մենք պարտաւոր ենք հանդէս գալ միասնական օրակարգով՝ յանուն մեր հայրենիքի վաղուայ օրուան», ըսած է Սամուէլ Պապայեանը:
«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանն անդրադարձած է իր ղեկավարած կուսակցութեան նպատակներուն ու խնդիրներուն՝ այդ ծիրէն ներս շեշտելով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրենց տեսլականը․
«Մասնակցելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ստանալով Արցախի բնակչութեան զգալի մասի վստահութեան քուէն՝ ներկայացուած էք խորհրդարանին մէջ որպէս քաղաքական երկրորդ ուժ, եւ, հաշուի առնելով ձեր անձնական փորձը եւ անցած ճանապարհը՝ դուք միայն պիտի ամրապնդէք ընդհանուր անվտանգային համակարգը», ըսած է Ա․ Վանեցեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՀ եւ ՀՀ անվտանգային համակարգին, երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը համակարգային հիմքերու վրայ դնելուն վերաբերող հարցեր: