image

Պաղտատ 60 «վտանգաւոր» մեղադրեալներու անուններ յայտարարեց. Անոնց մէջ կայ լիբանանցի մը

Պաղտատ 60 «վտանգաւոր» մեղադրեալներու անուններ յայտարարեց. Անոնց մէջ կայ լիբանանցի մը

Իրաքեան իրաւասու մարմինները առաջին անգամ ըլլալով երէկ հրապարակած են 60 անձերու անուններ, որոնք անդամ են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, «Ալ Քաիտէ»ին եւ նախկին նախագահ Սատտամի գլխաւորած «Ալ Պաաս» կուսակցութեան:

«Ֆրանսբրէս»ի կողմէ ձեռք բերուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ ներկայիս Յորդանան բնակող Սատտամի դուստրը՝ Ռաղատը:

Ցուցակին մէջ ընդգրկուած է «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման 28 անդամի, «Ալ Քաիտէ»ի 12 ղեկավարի եւ լուծուած «Ալ Պաաս» կուսակցութեան 20 ղեկավարներու անուններ, որոնց կողքը նշուած է իւրաքանչիւրին զբաղեցուցած պաշտօնն ու ոմանց լուսանկարները:

Բոլոր հետախուզուողները Իրաքի քաղաքացիներ են, բացի Լիբանանի քաղաքացի Մաան Պաշշուրէն, որ Արաբական ազգային համագումարի նախկին գլխաւոր քարտուղարն էր, եւ որուն դէմ մեղադրանք առաջադրուած է Իրաքի մէջ «ահաբեկչական միջոցառումներու մասնակցելու»:

Յատկանշական է, որ ցուցակին մէջ «Տահէշ»ի գլխաւոր ղեկավար Ապու Պաքր Ալ Պաղտատիի անունը նշուած չէ: