image

Օճալանի եղբօր դուստրը ազատազրկման դատապարտուած է

Օճալանի եղբօր դուստրը ազատազրկման դատապարտուած է

Թուրքիոյ դատարանը ազատազրկման դատապարտած է Օճալանի եղբօր դուստրը՝ պատգամաւոր Տիլէք Օճալանը:

«Russia Today» լրատուական ցանցին համաձայն, Ուրֆայի դատարանը քիւրտ պատգամաւորին մէջ ահաբեկչութիւն քարոզելու մեղադրանք առաջադրած է: Դատավարութեան ժամանակ դատախազը պահանջած է հինգ տարուան ազատազրկման դատապարտել պատգամաւորը, նշելով, որ դէպքը տեղի ունեցած է 2016 թուականին, երբ վերջինս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներէն մէկուն յուղարկաւորութեան ժամանակ հանդէս գալով քարոզած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արգիլուած կուսակցութիւնը: