ԱՄՆ գանձատունը «Հըզպալա»ի ենթակայ 6 անդամներու եւ 7 մարմիններու դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, նշուած 6 անհատներուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու պատճառ հանդիսացած է այն, որ վերջիններս գործարար Ատհամ Թապպաճայի եւ անոր ճարտարապետական ընկերութիւններուն հետ կը համագործակցին:
Վերջինս 2015 թուականէն ի վեր ԱՄՆ գանձատան սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուած է այն պատրուակով, որ փորձած է իր սեփականութիւնը հանդիսացող ընկերութիւններուն միջոցով Իրաքի մէջ նաւթի ոլորտին մէջ ծրագիրներ իրագործել, իսկ հասոյթը տրամադրել «Հըզպալլա»ի կառոյցներու ամրապնդման: