«Սահմանադրական իրաւունքի կենտրոն»ի խորհուրդի նախագահ, իրաւագէտ Գէորգ Դանիէլեան կը յայտնէ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ որոշումը պէտք է յայտարարէ քուէարկութեան օրէն 7 օր ետք, իսկ 27 ապրիլին նորընտիր Ազգային ժողովը պէտք է գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին կառավարութիւնը վար կը դնէ իր լիազօրութիւնները: