image

Նկատողութիւններ՝ Կոմիտաս վարդապետի հոգեբուժարաններու մէջ կեցութեան մասին

Նկատողութիւններ՝  Կոմիտաս վարդապետի հոգեբուժարաններու մէջ  կեցութեան մասին

Գլօտին Պելամի, Միշէլ Քեր

Բ. եւ Վերջին մաս (Ա. մասը՝ հոս)



Կոմիտաս վարդապետ շատ քիչ կը խօսի: Արդեօք դժուա՞ր կը խօսէր ֆրանսերէն եւ մասամբ ատո՞վ հարկ է բացատրել այդ լռութիւնը: Ան կը խօսէր թրքերէն եւ հայերէն. ապրած էր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն դուրս՝ Գերմանիա եւ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Զուիցերիա: Գերմաներէն լաւ գիտէր, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ որոշ չափով ալ ռուսերէն: Իսկ ֆրանսերէ՞ն:
Գիտենք, որ չորս անգամ Ֆրանսա այցելած էր. 1901-ին, 1906-ին՝ երբ յաջող համերգներ տուած էր, 1912-ին՝ ձայնային արձանագրութեանց համար եւ 1914-ին՝ երբ Երաժշտութեան միջազգային ընկերութեան համագումարին ան կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնը: 
Իր թղթածրարին մէջ, 1919 Ապրիլ 8 թուակիր արձանագրութեան մը մէջ կը կարդանք. «Ֆրանսերէն խօսելու որոշ դժուարութիւն ունի, բայց լաւ կը հասկնայ լեզուն»: Սակայն, եթէ ապաւինինք հիւանդանոցի իր բաժանմունքի հսկիչի ըսածներուն՝ Վարդապետը պատշաճօրէն ֆրանսերէն կ՚արտայայտուէր: 
Բաց աստի, ան կ՚ունենայ բազմաթիւ առիթներ այլ լեզուներով արտայայտուելու. գերմաներէն եւ ռուսերէն բժ. Լուոֆի հետ, եւ մա՛նաւանդ հայերէն՝ թէ՛ Կ. Պոլսոյ, թէ՛ ալ Ֆրանսայի մէջ իր այցելուներուն հետ, որոնց մեծամասնութիւնը հայ էր: 
Թղթածրարը կը պարունակէ Վարդապետը այլ հաստատութիւններ փոխադրելու ծրագրերու մասին բազմաթիւ նշումներ: 
1921-էն կ՚արծարծուին զինք Կ. Պոլիս ղրկելու, եւ տասը տարի ետք ալ՝ «իր երկիրը» վերադարձնելու կարելիութիւնները: «Իր երկիրը» ըսելով՝ արդեօք կ՚ակնարկուէր Թուրքիո՞յ, թէ՝ Խորհ. Հայաստանի: Ծրագրեր, որոնք պիտի չիրականանան, ինչպէս՝ գաւառ փոխադրութեան վերաբերողները՝ 1922-ին, ապա 1926-ին: 
Ա՛լ աւելի հետաքրքրական է 1922 Հոկտեմբերին զինք Զուիցերիա կամ Աւստրիա փոխադրելու ծրագիրը, որ ունէր մէկ կողմէն գերմանախօս միջավայրի եւ միւս կողմէ ալ լաւագոյն դարմանումի կարելիութեան զոյգ առաւելութիւնները: «Արտասահմանեան որոշ բժիշկներ երանութիւնն ունին քիչ ծանրաբեռնուած բաժանմունքներ եւ մեծ թիւով գործընկերներ ունենալու, ինչ որ թոյլ կու տայ իւրաքանչիւր հիւանդի պարագան աւելի առանձնայատուկ կերպով եւ ուշադրութեամբ հետազօտելու», ըսուած է: Բժ. Լուոֆ, անոր հետ «շատ դիմացկուն» հիւանդապահ մը, ինչպէս նաեւ բժ. Գոլոլեանի թելադրութեամբ եւ Յանձնախումբին կողմէ ընտրուած երկրորդ հիւանդապահ մը կը յօժարին ընկերանալ Վարդապետին: Բայց մեկնումը կը յետաձգուի:
1926-ին Տիւքոսթէ կը գրէ. «Հաւանական էր, որ միջավայրի փոփոխութիւն մը անոր նպաստաւոր ըլլար», եւ կը յիշատակէ միջազգայնօրէն ծանօթ երկու ծառայութիւններ. մէկը Էօժէն Պլէօլէրինն է՝ Զուրիխ, իսկ միւսը փրոֆ. Վակներ վոն Ժորեկինը՝ Վիեննա: 
Կան փոխադրութեան այլ ծրագրեր եւս՝ 1931-ին եւ 1932 Յունուարին, այս անգամ ալ դէպի այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք կ՚ապահովեն «աւելի հանգստաւէտ պայմաններ» եւ «իր ընկերային կացութեան աւելի պատշաճող միջավայր»: 
Եւ վերջապէս 1933-ին, շնորհիւ Յանձնախումբի ջանքերուն եւ հայասէր ընտրեալ Փօլ Ֆլէօրոյի «ազնիւ միջամտութեան», կարելի կ՚ըլլայ ջնջել տալ Վարդապետը Փարիզէն 600 քմ. հեռաւորութեան՝ Տորտոնեը շրջանին մէջ Վոքլերի հոգեբուժարանը փոխադրելու նահանգապետին որոշումը: Սէնի Ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Փօլ Ֆլէօրօ միաժամանակ հեղինակն է Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդին ներկայացուած «Մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը Հայաստանի անունով կոչել»-ու առաջարկին: 
Կոմիտաս վարդապետի բարեկամներու յանձնախումբը հիմնուած է 1919-ին նախաձեռնութեամբ երգչուհի Մարկրիթ Պապայեանի եւ գրող Արշակ Չօպանեանի, եւ որուն նախագահած է Վռամշապուհ արք. Քիպարեան: 
Քնարական երգչուհի Մարկրիթ Պապայեան, որ միաժամանակ դաշնակահարուհի եւ երաժշտաբան էր, Վարդապետին հետ ծանօթացած էր 1902-ին: Ան վստահաբար մեծ դեր խաղացած է Կոմիտաս վարդապետի Ֆրանսա փոխադրութեան, այնուհետեւ Կազդուրման տունը, ապա Վիլժիւիֆի հոգեբուժարանը տեղաւորման մէջ: 
Բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ գրականութեան պատմաբան, «Անահիտ» հանդէսի հիմնադիր Չօպանեան եւս Վարդապետը կը ճանչնար երկար ժամանակէ ի վեր: Ան կը կատարէ Կոմիտասի հաւաքած եւ մշակած ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ, որոնք կը հրատարակուին Յանձնախումբին կողմէ, դիմագրաւելու համար Վարդապետի կեցութեան ծախսերը: 
Հոս նշենք, որ Յանձնախումբին նպատակն էր Կոմիտասի ստեղծագործական արտադրութեան պահպանութիւնը եւ հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի ծախսերու դիմագրաւումը զանազան միջոցներով՝ համերգներով, հրատարակութեան իրաւունքի վաճառումներով, նուիրատւութիւններով, հանգանակութիւններով…
1931-ին Աստուծատուր Հարենց կը դառնայ նախ ընկերակցութեան գանձապահ, ապա՝ նախագահ: Ան միշտ եւ հաւատարմօրէն պիտի բերէ իր նեցուկը Վարդապետին՝ անոր այցելելով Վիլ-Էվրարի եւ Վիլժիւիֆի մէջ, ուղղակի կապ պահպանելով բժիշկին եւ ընդհանուր հսկիչին հետ: Իր դերը էական եղած է Վարդապետը Վիլժիւիֆէն այլ տեղ չփոխադրելու կարգադրութեան մէջ, մինչ գաւառ տեղափոխումը տնտեսական առումով աւելի յարմար պիտի ըլլար:
Գտանք 1922-ին բժ. Լուոֆի, Պապայեանի եւ Հարենցի կողմէ Հսկողութեան յանձնաժողովին կատարուած միջամտութեան հետքեր. այս մէկը կը հանդիսանար նահանգի հոգեբուժարաններու վարչական գործերու պատասխանատու մարմինը: Յիշեալ միջամտութիւնները կը հետապնդէին յատուկ վարիչ մը նշանակել տալու նպատակը, որպէսզի վերջինս յանձանձէ Վարդապետին ինչքերը, պաշտպանէ անոր իրաւունքները եւ ապահովէ անհրաժեշտ միջոցները: Այս դիմումը դրական ընդունելութիւն գտած է Յանձնաժողովին կողմէ: 
Յանձնախումբի անդամներէն յիշենք բժ. Գոլոլեանը, որ նշեալ մարմինին խորհրդականն է եւ ժողովները կը գումարուին Փոնթիէօ փողոցի իր բնակարանին մէջ, Ժան-Կուժոն փողոցին մօտերը, ուր կը գտնուէր Յանձնախումբին կեդրոնատեղին. յիշենք նաեւ բժ. Արթինեանը եւ փրոֆ. Աղաճանեանը, Կոմիտասի աշակերտներէն Հայկ Սեմերճեանը, որ Յանձնախումբի քարտուղարն է եւ հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Վարդան Սարգիսեանը: 
Ինչպէս Վիլ-Էվրարի, նոյնպէս ալ Վիլժիւիֆի մէջ ազատօրէն Վարդապետին այցելելու արտօնութիւն տրուած է, ի բաց առեալ երկու շրջաններ 1921-ին եւ 1931-ին, երբ այդ այցելութիւնները որոշ չափով սահմանափակուեցան Յանձնախումբին դիմումով, առաջքն առնելու համար որոշ հայրենակիցներու պարզ հետաքրքրութեամբ անտեղի այցելութիւններուն եւ մամլոյ մէջ այս վերջիններու «տպաւորութիւններուն» լոյս ընծայման: 
Այցելուներու մէջ են Մեծ պատերազմի Կամաւոր Հայերու ռազմիկ եւ հայկական եկեղեցւոյ ժամկոչ Արամ Արամեանց, երգահան եւ երաժշտապետ Նշան Սերգոյեան, փրոֆ. Աղաճանեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ, ի շարս որոնց 1931-ին երգչուհի Հայկանոյշ Թորոսեան եւ քոյրերը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծ՝ Աստուր Նաւարեան:
1933 Մարտին, երաժիշտ եւ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ, հինգ ուրիշ անձերու հետ կ՚այցելէ Վարդապետին. անոնց մէջ է թենոր Արմէն Շահ-Մուրատեան: 
Եւ վերջապէս, 1935-ին՝ Վարդապետի վախճանման տարին, «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեան, -որու անունը կը կրէ Փարիզի հրապարակներէն մէկը,- եւ հուսկ Կարապետեան, ամենայն հաւանականութեամբ վերջինը, կ՚այցելեն իրեն: 
Վարդապետը լուսանկարելու բազմաթիւ դիմումներ կը մերժուին, հետեւելով՝ կանոնադրութեան: Մինչ, որքան որ գիտենք, ոչ մէկ լուսանկար կայ Վարդապետի հոգեբուժարան կեցութեան շրջանէն, այդուամենայնիւ Ալէմշահ անոր վախճանումէն երկու օր ետք ձեռք ձգած է անոր մահադիմակը կերտելու իրաւունքը: 
Բացի այն բժիշկներէն, որոնք կ՚աշխատէին Վարդապետին խնամուած հոգեբուժարաններուն մէջ, բազմաթիւ ուրիշներ ալ ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութիւններ կատարած են յայտնելով իրենց կարծիքն ու թելադրելով խորհուրդներ: 
Անոնցմէ երեքը՝ բժիշկներ Գոլոլեան, Արթինեան եւ Կարապետ Աղաճանեան, որոնք Յանձնախումբի անդամ էին, իրեն այցելած են Վիլ-Էվրարի եւ Վիլժիւիֆի մէջ: Վերջինս ջղային եւ հոգեկան հիւանդութիւններու մասնագէտ էր, նախկին դասախօս՝ Վարշաւայի համալսարանի եւ բժիշկ՝ Փարիզի մէջ: 
Միաժամանակ կը յիշատակուին ուրիշ երկու բժիշկներ, ծագումով հայ Ամերիկացի մը՝ Սարգիս եւ բժշկա-առողջապահական «Առողջ կեանք» հանդէսի խմբագրապետ Քէշիշեան: 
Հուսկ, փրոֆ. Լեյնել-Լաւասթինը, որ քիչ անդին պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ 1933 Դեկտեմբերին ստիպուեցաւ քննելու Վարդապետը: 
Քանի մը խօսք ալ ախտաճանաչումներուն, աւելի ճիշդը՝ հոգեբուժական ախտաճանաչումներուն մասին: 
Նախ եւ առաջ ճշդենք, որ այն բոլոր բժիշկները, որոնք իրենց կարծիքը յայտնած են, ըլլա՛յ Կ. Պոլսոյ, թէ՛ Վիլ-Էվրարի եւ Վիլժիւիֆի մէջ, կատարած են այն գնահատականը, թէ Վարդապետը կը տառապի հոգեկան խանգարումներէ, որոնց մասին բազմաթիւ նիւթեր առկայ են թղթածրարին մէջ: 
Կատարուած բազմաթիւ ախտաճանաչումներուն գլխաւորները կը նշեն «ընկճախտային հոգեհերձում» (psychose maniaco-dépressive). կան միւս բոլոր ախտաճանաչումները, որոնք այնուհետեւ պիտի մէկտեղուին «զառանցային մնայուն հոգեհերձում» (psychose délirante chronique) եզրին տակ, ինչպէս «մնայուն զառանցանք»-ը (délire chronique), «հալածախտային խելայեղութիւն»-ը (démence paranoïde), «թուլամտութիւն»-ը (paraphrénie): Կը նշմարենք նաեւ հետեւեալ եզրերու գործածութիւնը. «մեկնաբանութեան զառանցում» (délire d’interprétation), «մելամաղձական ընկճախտ» (dépression mélancolique), «տրամադրութեան անկայունութիւն» (hypomanie), «հալածանքի եւ վեհութեան զառանցանք» (délire de persécution et de grandeur), «զառանցային այլասերող գաղափարներ» (idées délirantes dégénératives), «հոգեկան այլասերում» (dégénérescence mentale): Այս առթիւ նշենք, որ յիմարաբաններու համար կան «գերազանց այլասերածներ», որոնք մտաւորական առումով գերազանց անձեր են, ջղային հիւանդ կամ նոյնիսկ խելագար հանճարներ, ինչպէս Ժան-Ժագ Ռուսօն, Ալֆրետ տը Միւսէն կամ Էմիլ Զոլան: 


ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ

1922 Հոկտեմբերին «գործընկերներու եւ բարեկամներու» հասցէագրած նամակին մէջ, բժ. Լուոֆ կը յայտնէ իր «ուրախութիւնը՝ այս հիւանդը անոր գործակցութեամբ խնամելու»: Այդ գործակիցը այլ ոչ ոք կրնայ ըլլալ, բացի բժ. Գոլոլեանէն:
Փօլ Գոլոլեան հեղինակն է «Հոգեկան բժշկութեան տեղեկագիրք»-ի («Aide-mémoire de thérapeutique mentale»), ինչպէս նաեւ համահեղինակը «Հոգեկան եւ ջղային հիւանդութիւններու բժշկութեան դաշնագիր»-ի (« Traité de thérapeutique des maladies mentales et nerveuses »): Այս հրատարակութիւնները գաղափար մը կու տան այն ամէն ինչի մասին, որոնք օգտակար կը նկատուէին Վարդապետի նման հիւանդի մը: Կղզիացումը, որ «կը կայանայ ենթական իր շրջապատէն հեռացնելու, կազդուրման տուն մը կամ հոգեբուժարան մը տեղաւորելու մէջ», կը հանդիսանայ հոգեկան հիւանդներու մեծամասնութեան բժշկումի հիմքը: «Առողջապահութիւնը եւ կենցաղային կանոնաւոր ընթացքը, հոգեկան դարմանումի մը ընկերակցութեամբ՝ կրնան առաջնորդել հիւանդութեան վաղանցիկ ձեւերու դարմանումին, կրնան դանդաղեցնել մնայուն ձեւերը եւ յետաձգել վերջնական խելագարումը», ինչ որ կը թուի թէ կը համապատասխանէ Կոմիտասի ստացած խնամքին, միաժամանակ ցոյց կու տայ 1920-ականներու բժշկական միջոցներու աղքատութիւնը: Ինչ կը վերաբերի տագնապներէն անդին՝ «ընդհատական խելագարութեան», «բժիշկը պիտի յանձնարարէ առողջապահական լաւ պայմաններ, հանդարտ ու չափաւոր կենցաղ, բացօթեայ մարզանքներ, ջրաբուժութիւն», կը գրէ բժ. Գոլոլեան: Այնպէս կը թուի, թէ վերեւ յիշուած դարմանումներէն ոչ մէկը պատուիրուած էր Վարդապետին համար: 
Ուրիշ բժշկութիւն մը եւս սկսած է կիրարկուիլ 20-ական թուականներուն, որ «ճահճատենդաբուժութիւն»-ն է (malariathérapie), զոր Վիեննայի մէջ հնարած է Վակնէր վոն Ժորեկ: Ան կը կայանայ ճահճատենդի մանրէի ներարկման մէջ, ինչ որ կը պատճառէ ծայրայեղ տենդ, եւ որ սակայն քինինի միջոցով հակակշռի տակ կը պահուի: Այս մէկը ազդու առաջին բուժումը կը նկատուի համատարած հիւանդութեան մը՝ ընդհանուր անդամալուծութեան, եւ որ փորձարկուած է նաեւ ոչ-ֆրանկախտային մնայուն հոգեհերձումի եւ ընկճախտային հոգեհերձումի պարագաներու: Այդպէս է, որ այս դարմանումը Կոմիտասին ալ կիրարկելու հարցը ծագած է եւ 1933-ին առաջարկը ներկայացուած՝ փարիզեան հիւանդանոցներու բժիշկ, Սէն թ՚Աննի ապագայ փրոֆ. Լեյնել-Լաւասթինի: Բժ. Գոլոլեանի հետ միասնական քննարկումէ ետք՝ գաղափարը բարձի թողի կ՚ըլլայ: Արդարեւ, արդիւնքները շատ անստոյգ են այդ դարմանումը կիրարկելու համար տարեց անձի մը, որ հոգեկան միջակ մակարդակի առողջութեան տէր է:
Գալով «բարոյական» կամ «հոգեկան դարմանում»-ին, ան կը կայանայ «աշխատանքի, ոչ-յոգնեցուցիչ զբաղումներու, պտոյտներու եւ մա՛նաւանդ բժիշկին վարպետ խորհուրդներուն» մէջ: Հոգեբուժարան փոխադրութեան սկիզբէն իսկ Վարդապետը քաջալերուած է պտոյտներ կատարելու եւ լոգանք առնելու, շարունակելու երաժշտական իր գործունէութիւնը, միանգամայն որպէս «աշխատանք» եւ «զբաղում»: Մինչ ան կը մերժէ պտոյտները, Վիլ-Էվրարի թղթածրարը մեզի ցոյց կու տայ, որ հոն իր մուտքին յաջորդող շաբաթներէն սկսեալ եւ դեռ մինչեւ տարի մը ետք կ՚երգէր ու կը յօրինէր: 
Այնուհետեւ, ան կը լքէ երաժշտութիւնը եւ կը փակուի նկատելի լռութեան մէջ, մերթ որպէս բողոք արգելափակման, մերթ իր անհանգստութեան կամ յիմարանոցի հանգամանքներուն բերումով: 
«Այս հիւանդը բառ մ՚իսկ չ՚արտասաներ», կը գրէ Տիւքոսթէ 1932 Հոկտեմբերին: Այս պնդումը պէտք է ընկալել որոշ չափաւորութեամբ, քանի որ Վարդապետը երբեմն կը խզէ լռութիւնը եւ կը խօսի նոյնիսկ մարդոց հետ, զորս չի ճանչնար: Իր պատասխանները պատշաճ են, ինչ որ ցոյց կու տայ այսօրուան ըմբռնումով՝ խելայեղութեան չգոյութիւն: 
1933 Դեկտեմբերին, Վարդապետը կը տառապի մէզի թունաւորումէ (urémie), այլ խօսքով՝ երիկամներու անբաւարարութենէ, ատոր հետ մէկտեղ՝ սրտային անբաւարարութենէ: 1935 Փետրուարին կը տառապի ձախ ոտքին պալարէ մը: Այնուհետեւ, կը նշմարենք «ախտային բեկում», ոսկրատապ: Փարիզի Սէն թ՚Անն հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնին մէջ անոր ընծայուած բոլոր խնամքները՝ հատում, լոգանքներ, վիրակապում, խողովակի զետեղում, Փրոփիտոն պատուաստ, գաճէ կերտուած կօշիկ… բաւարար չեն ըլլար դարմանումին: Նոյնիսկ եթէ 1935 Հոկտեմբեր 20 թուակիր վախճանման վկայականին մէջ որպէս «պատճառ» նշուած է «խելացնորական ախտաժէտութիւն» (cachexie vésanique), այնպէս կը թուի, թէ Կոմիտաս վախճանած է յետ ոսկրատապութեան, երիկամի անբաւարարութեան պայմաններու մէջ: 


ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հոգեկան այն խանգարումները, որոնցմէ կը տառապէր Կոմիտաս վարդապետ եւ որոնք իր ժամանակաշրջանին կը նկատուէին հոգեհերձական, զինք առաջնորդեցին մասնագիտական երեք հաստատութիւններ՝ Կ. Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, ուր ան վայելեց որոշ առանձնաշնորհներ, իր հայրենակիցներու եւ հայասէր քանի մը Ֆրանսացիներու նեցուկին շնորհիւ: Նշեալ ախտաբանութեան անհրաժեշտ խնամքը իրեն ցուցաբերուեցաւ ծանօթ մասնագէտներու կողմէ, որոնք կապեր ունէին ծագումով հայ զանազան բժիշկներու հետ: Վարդապետը շուտով դադրեցուց երաժշտական արտադրութիւնը, այնպէս՝ կարծէք հոգեհերձական ընթացքը ամլացուցած ըլլար եթէ ոչ իր հանճարը, գոնէ իր ստեղծելու եւ յարաբերելու կարելիութիւնները, բացի եթէ ատիկա կարելի է համարել նաեւ հոգեբուժական միջավայրին գործած ազդեցութիւնը: Միւս կողմէ, կրնանք ենթադրել, որ Վարդապետին հիւանդութիւնը նոյնիսկ եթէ ներածնունդ (endogène) բնոյթ կը կրէր, 1915-ի մարդկային եւ ցեղա-մշակութային աղէտին պատճառած ախտածին ցնցումը եւ անձնապէս իր տարագրութիւնը՝ այդ վիճակը ա՛լ աւելի ծանրացնող գործօններ հանդիսացած են, եւ թէ հիւանդութեան ընթացքը անկասկած տարբեր հոլովոյթ ստացած պիտի ըլլար՝ եթէ Կոմիտաս ենթարկուած չըլլար այդ ողբերգութեան: 


(Շար. 2 եւ Վերջ)