«Գաղտնիք չէ, որ պարբերաբար, յատկապէս, այսպէս կոչուած, «ներքին օգտագործման համար», տարբեր կառոյցներու կողմէ կ'իրականացուին ընկերաբանական հարցումներ: «Փաստ» թերթի տեղեկութիւններով` վերջերս իշխանութիւններու եւ մասնաւորաբար Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշի հետ կապուած նման հարցումներ կատարած են ԱՄՆ դեսպանատունը, ԱԱԾ-ն եւ ընդդիմադիր ուժերէն մէկը։
Ըստ «Փաստ» թերթի աղբիւրներուն` երեք հարցումներուն տուեալները գրեթէ նոյնական են. համաձայն անոնց, Փաշինեանի վարկանիշը երթալով կ'իյնայ։
Վերջին հարցումներուն համաձայն` անոր վարկանիշը պատմական հակամրցանիշ սահմանած է՝ հասնելով մօտ 17,2 տոկոսի։
«Այս փաստը լուրջ խմորումներու պատճառ դարձած է, մասնաւորաբար ԱԱԾ-ի եւ իրաւապահ այլ մարմիններու մէջ լրջօրէն նուազած է Փաշինեանի քմահաճոյքները կատարելու միտումը, ամերիկեան կողմի՝ նոր ղեկավարով նոր սենարի փնտրտուքը «թարմ» լիցք ստացած է, իսկ ընդդիմադիր ուժերը նոր թափ կը հաղորդեն իրենց գործողութիւններուն, այդ շարքին՝ հանրահաւաքի տեսքով»,-գրած է թերթը: