ԱԺ «Իմ քայլը» խմբկցութեան պատգամաւոր Նազալի Պաղտասարեանի քննութեան պատասխանները բացասական են, անոր մօտ չէ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահր: Այս մասին իր ֆեյսպուքըեան էջին պատգամաւորը գրառում կատարած է:
Գրառումն ամբողջութեամբ՝ ստորեւ.
«Նախօրէին շարք մը ԶԼՄ-ներ անդրադարձան ԱԺ-ի մէջ Covid-19-ի տարածման թեմային։ Կը շրջանառուէր իմ անունը, որուն համար կը ներկայացնեմ այս պարզաբանումը։
Որեւէ մէկն ապահովագրուած չէ, եւ նման տարածման պարագային հաւատացէք, որ վտանգի խումբին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ յայտնուիլ։ Բայց անգամ այդ պարագային եկէք հանդուրժող ըլլանք եւ յարգենք դիմացինի անձնական կեանքին վերաբերող տեղեկատւութիւնը։
Ցաւօք, որոշ ԶԼՄ-ներ էթիքան խախտելով՝ երէկ նշած էին օգնականիս անձնական տուեալները եւ շեշտադրած, որ վարակակիրը ԱԺ-ի մէջ ինք եղած է։ Քանի որ աւելի ուշ հրապարակաւ ան հաստատած է փաստը, կը յորդորեմ բոլորը դադրեցնել այս թեմայի քննարկումը։
Կը մաղթեմ առողջութիւն եւ արագ ապաքինում բոլոր հիւանդներուն, նաեւ անգամ մը եւս երախտիքի խօսքեր կը յղեմ բուժաշխատողներուն։ Դժուար շրջանը միասին պիտի յաղթահարենք։
Արդէն ստացած եմ իմ քննութեան պատասխանը՝ բացասական է»: