Պաղեստին- («Ալ-Սաֆիր»- Պէյրութ)- Ընտանիքի անդամներէն միակ փրկուած պաղեստինցի 5 ամեայ երեխայ՝ Ահմէտ Տաուապշէն, պիտի հանդիպի «Ռիալ Մատրիտ»ի ֆութպոլի խումբի աստղերուն հետ: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Սաֆիր», նշելով, որ Ահմէտի ընտանիքի անդամները, որոնք կ'ապրէին Արեւմտեան Տըֆֆէյի հիւսիսային գրաւեալ շրջանը, զոհ գացած էին ծայրայեղական վերաբնակեցեալներու կողմէ իրենց տան վրայ առաջացուած հրդեհին: Աղբիւրը կը նշէ, որ Ահմէտ, «Ռիալ Մատրիտ»էն ստացած հրաւէրի համաձայն, իր հօրեղբօր եւ մեծհօր ուղեկցութեամբ, երեքշաբթի օր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման պիտի հասնի, հոնկէ դէպի Սպանիա մեկնելու համար: Հաւանական է, որ Ահմէտ հանդիպի նաեւ իր ամենասիրած ֆութպոլային աստղ՝ Քրիսթիանո Րոնալտոյին հետ, որ շաբաթներ առաջ երեխային հրաւիրած էր իր մօտ:
Կը նշուի, որ Ահմէտ ամիսներ շարունակ բուժում ստացած էր Թել Աւիւի մօտ գտնուող հիւանդանոցին մէջ, ծանր այրուածքներ ստացած ըլլալուն պատճառով, ծայրայեղականներու կողմէ Նապլոսի Տումա գիւղին մէջ իրենց տան հրկիզումէն ետք, 31 յուլիս, 2015-ին, որու հետեւանքով մահացած էին Ահմէտի 18 ամսական եղբայրը եւ ծնողները: